Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի տնօրինութեամբ լիբանանահայ հանրայայտ մտաւորական Ահարոն Շըխրտմեան նշանակուած է Անթիլիասի մէջ գործող հայագիտական նիւթերու յատուկ դասընթացք-հիմնարկի տնօրէն։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պէյրութէն։
Նշենք, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական-ապահովական ծանրագոյն պայմաններուն հիմնարկը իր դռները պիտի վերաբանայ յառաջիկայ ուրբաթ հոկտեմբերին։
Հիմնարկի դասընթացքներուն կը ներկայացուին հայագիտական հիմնական առարկաներ, ինչպէս նաեւ կրօնաբարոյագիտական նիւթեր։
Նշենք նաեւ, որ հիմնարկը առաջին անգամ աշխատանքի սկսած էր շուրջ տաս տարիներ առաջ եւ վերջին տարիներուն հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնը կը վարէր հայագիտական թեմաներու հմուտ մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեան։