image

Անիի կամուրջը. դիւանագիտութեան նոր խորհրդանիշ մը…

Անիի կամուրջը. դիւանագիտութեան նոր խորհրդանիշ մը…

Հայաստանեան մամուլը հեղեղուած է Անիի պատմական կամուրջը նորոգելու մասին օրերս Անգարայի մէջ կատարուած յայտարարութեան քննարկումներով:

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Արարատ Միրզոյեան Անգարայի մէջ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ խօսեցան Անիի միջնադարեան կամուրջի վերանորոգման մասին։ Արարատ Միրզոյեան մասնաւորապէս ըսած է. «Թուրքիոյ հետ ունինք համաձայնութիւն համատեղ ջանքերով վերանորոգելու Անիի կամուրջը, ինչպէս նաեւ հոգ տանիլ համապատասխան ենթակառուցուածքներու մասին՝ սահմանի ամբողջական բացումին ընդառաջ»:

Անիի կամուրջի վերանորոգման մասին խօսած է նաեւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու՝ կամուրջը անուանելով Մետաքսի ճանապարհի կամուրջ։ «Այս պատմական՝ 9-րդ դարուն, ոմանց կարծիքով՝ 10-րդ դարուն կառուցուած կամուրջը միայն երկու ոտք ունի՝ մէկը հայկական կողմն է, իսկ միւսը՝ թրքական կողմը։ Այդ իսկ պատճառով այս Մետաքսի ճանապարհի կամուրջին վերակառուցումը, վերանորոգումը ծայր աստիճան իմաստալից պիտի ըլլան: Այս հարցին մէջ ալ միասին պիտի աշխատինք:

«Մեր ընկերները, յատուկ ներկայացուցիչները նոյնպէս յառաջիկային կատարուելիք քայլերու համատեքստին մէջ կը շարունակեն իրենց աշխատանքները։ Սակայն այսօրուան այցելութիւնը եւ այս դժուարին օրերուն ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, մեզի տրուած աջակցութիւնը չափազանց իմաստալից են», փետրուարի 15-ին հայաստանցի գործընկերոջ հետ մամուլի համար կատարուած յայտարարութիւններու ժամանակ ըսած է նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու:

Անիի պատմական կամուրջը նորոգելու խօսակցութիւնները նոր չեն: Զայն նորոգելու տեղեկութիւնները սկսած են շրջանառուիլ տակաւին 2010-ին: 2010-ի փետրուարին լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ յատուկ այս ծրագրին համար Թուրքիայէն Հայաստան ժամանած է պատուիրակութիւն մը եւ հանդիպումներ ունեցած է օրուան վարչապետին, Հայաստանի որոշ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ: Այն ժամանակ ալ կային թեր եւ դէմ կարծիքներ՝ Հայաստանի Նորշէն եւ Թուրքիոյ Անի սահմանային բնակավայրերը իրարու կապող գլխաւոր կամուրջը վերականգնելու մասին խօսակցութիւններուն շուրջ: Հակառակ որ երկու կողմէն ամենաբարձր մակարդակով ողջունած էին այս նախաձեռնութիւնը, սակայն խօսակցութիւնները վերջացան, աշխատանքները չշարունակուեցան: Կամուրջի նորոգման մասին նիւթերը անգամ մըն ալ թէժ քննարկման նիւթ դարձան 2020 թուականին, երբ թուրք քաղաքական գործիչ Ահմէտ Արսլան այդ մասին յայտարարութիւն մը ըրաւ։ «Անիի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը Մետաքսի ճանապարհին վրայ գտնուիլն է: Աստուծոյ կամօք ցամաքային ճանապարհներու գլխաւոր վարչութիւնը Մետաքսի ճանապարհը եզրափակող ու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը գծող Ախուրեանի վրայ գտնուող այս պատմական կամուրջը կը վերակառուցէ այնպէս, ինչպէս վերաշինած է միւս պատմական կամուրջները։ Աշխատանքները շուտով կը սկսին», 2020-ի յունիսին ըսած է Արսլան, նշելով նոյնիսկ, որ մրցոյթ յայտարարուած է եւ շուտով պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները: Սակայն 2020-ի պատերազմը եւ յաջորդած ոչ-բարենպաստ քաղաքական, հասարակական վիճակները սառեցուցին նաեւ այս խօսակցութիւնները:

Այսօր, թուրք-հայկական երկխօսութեան աշխուժացման օրերուն կրկին յառաջ կը քաշուի Անիի կամուրջի նորոգման հարցը: Այն կարծես, թէ կը դառնայ նորածիլ դիւանագիտութեան խորհրդանիշներէն մէկը:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ տարածքով հոսող գետերէն մէկուն՝ Ախուրեանի վրայ կառուցուած կամուրջը կը վերագրուի միջնադարեան Հայաստանի թագաւորութիւններէն մէկուն՝ Բագրատունիներու ժամանակաշրջանին (10-րդ կամ 11-րդ դարեր)։ Մէկ այլ վարկածով՝ այն կառուցուած է 13-րդ դարուն։ Կամուրջին մօտակայքը գտնուած արձանագրութեան մը մէջ կը նշուի, որ 14-րդ դարու սկիզբը շինարարական աշխատանքներ տարուած են կամուրջին շրջակայքը։

Այս կամուրջը նկատուած է միջնադարեան Հայաստանի ամենէն մեծ կամուրջը, անոր մասին յիշատակումները տեղ գտած են Անի այցելած պատմաբաններու, ճանապարհորդներու, ուսումնասիրողներու նկարագրութիւններուն մէջ, իբրեւ կարեւոր կամուրջ մը, որ հաղորդակցութեան ուղի ըլլալէ զատ Անի քաղաքի ճարտարապետական գլուխ գործոցներէն է: Այսօր կամուրջը ընդգրկուած է Հայաստանի յուշարձաններու ցանկին մէջ, մինչ այդ Անին ամբողջութեամբ ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ եւ կամուրջն ալ ատոր մէկ մասն է: Հայկական ճարտարապետութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիր, հնագէտ, մեծագոյն հայազգի ճարտարապետ, Թորոս Թորամանեան (1864-1934թթ.), որ Անիի մէջ պարբերաբար մասնակցած է Նիկողայոս Մառի գիտական արշաւախումբերու պեղումներուն, ուսումնասիրած եւ չափագրած է բազմաթիւ կառոյցներ, այդ կարգին՝ Անիի կամուրջը, ստեղծած եւ վերականգնած է կամուրջին նախնական տեսքին պատկերը այնպէս, ինչպէս եղած է կամուրջը միջնադարին: Թորամանեանի վերականգնած նախագիծերը, ուսումնասիրութիւնները սկզբնաղբիւր են հայ ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրողներուն համար, եւ յետագային Անիի կամուրջին տեսքը ուրիշ մասնագէտներու կողմէ նոյնպէս վերականգնուած է՝ յենլով Թորամանեանի նախագիծերուն վրայ: Վերջին վերականգնողներէն մէկը հայրենի ճարտարապետ Պարգեւ Ֆրանկեանն է, որ եռաչափ պատկերներով վերակազմած է կամուրջը եւ այդ նախագիծին հիման վրայ կարելի է պատկերացում կազմել, թէ ինչպիսին եղած է զայն՝ մինչեւ քանդուիլը… Պարգեւ Ֆրանկեան, յենլով պատմական տուեալներու վրայ, կը նշէ, որ եթէ վերականգնուի կամուրջին նախնական տեսքը, ապա անոր լայնութիւնը 7 մեթր եղած է եւ կ՚արժէ, որ այդ լայնութեամբ ալ շինուի:

Հայաստանի կառավարութիւնն ալ օրերս իր կարգին յայտնած է, որ իրենք նոյնպէս պատրաստած են կամուրջի վերականգնման նախագիծը:

Այսօր կամուրջը փլած, քանդուած է, կանգուն են անոր երկու յենապատերը՝ գետի երկու ափերուն: Արշաւականներ եւ ուսումնասիրողներ կը վկայեն, որ 1990-ական թուականներու սկիզբը՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ, հնարաւոր էր իջնել վար եւ կամուրջին տակ հոսող գետին մէջ լողալ, սակայն այսօր ողջ տարածքը, ինչպէս գիտէք, արգիլուած գօտի է եւ կը հսկուի ռուս սահմանապահներու կողմէ:

Նոյնինքն՝ Թորամանեանի վկայութեամբ, Անիի այս կամուրջը, ինչպէս նաեւ Անիի մէջ եղած ուրիշ կամուրջներ եւս, հաւանաբար քանդուած են թուրք-պարսկական պատերազմներու ժամանակ։ Կամուրջները քանդուած են՝ հաւանաբար կասեցնելու համար զօրքերուն շարժը, ուստի կարելի է ենթադրել, որ ատոնք նաեւ շատ ամուր եւ անցանելի կամուրջներ էին, որոնցմով աշխոյժ անցուդարձ եղած է: Կամուրջը նաեւ տնտեսական մեծ նշանակութիւն ունեցած է, ի զուր չէ, որ այսօր զայն կ՚անուանեն Մետաքսի ճանապարհի կամուրջ, ուրեմն Մետաքսի ճանապարհի կարեւորագոյն ուղիներէն մին էր: Վարկած կայ նաեւ երկրաշարժներէն սասանուած ըլլալուն մասին, սակայն կործանման պատճառները մինչեւ այսօր յայտնի չեն: Կամուրջը գործած է մինչեւ 16-17-րդ դարերը։

Կրկին, ըստ Թորոս Թորամանեանի վերակազմութեան նախագիծի, կամուրջը եղած է եռաչքանի։ Աջափնեայ եւ ձախափնեայ աչքերուն ծածկը փայտաշէն եղած է ու շարժական։

Անհրաժեշտութեան պարագային ձախափնեայ աչքին երթեւեկային մասը ետ կը քաշուէր՝ կամուրջը դարձնելով անանցանելի։ Անիի գլխաւոր կամուրջի կառուցուածքը հնարամիտ կերպով կը ծառայեցուէր քաղաքի պաշտպանութեան շահերուն։ Ակնյայտ է, որ Անի քաղաքը հիմնադրողները գնահատած են անոր աշխարհագրական յարմարաւէտ դիրքը եւ շրջակայ բոլոր շինութիւնները կառուցած են այդ դիրքէն օգտուելով:

Նայելով կամուրջի այսօրուան տեսքին՝ պարզ է, որ զայն վերանորոգել պատրաստուող Հայաստանն ու Թուրքիան երկու կողմերը ճանապարհներ պիտի շինեն: Հայաստանցի կարգ մը մասնագէտներ, թրքագէտներ եւ նախկին պաշտօնեաներ մտահոգութիւն յայտնած են, որ այդ մէկը դիւրին պիտի չըլլայ, քանի որ խոր կիրճի մէջ կը գտնուի կամուրջը եւ զբօսաշրջային տեսակէտէ հետաքրքրութիւն պիտի չունենայ: Այս տեսակէտին հակառակ, քարտէսագէտ Ռուբէն Գալչեան յայտարարած է, Ախուրեան գետով անցնող միջնադարեան պատմական կամուրջը Հայաստանը Թուրքիոյ ցամաքային ճանապարհով կապող հնարաւոր երեք ուղիներէն մէկն է։ Իբրեւ ամենաբանուկ, կիրառելի եւ գործող մայրուղիներուն հետ կապ ունեցող ճանապարհ, Ռուբէն Գալչեան կը դիտարկէ Մարգարայի կամուրջը, որով օրերս Հայաստանը Թուրքիոյ մարդասիրական օգնութիւն ղրկեց: Երեսուն տարուան փակ վիճակէն յետոյ առաջին անգամ բեռնատարները հատած են սահմանը եւ ուղեւորուած երկրաշարժէն տուժած շրջաններ:

Ռուբէն Գալչեան իբրեւ Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային երկրորդ ուղի՝ կը նշէ Կիւմրիով անցնող եւ դէպի Թուրքիա գացող երկաթգիծն ու ատոր կից ինքնաշարժային ճանապարհը։ Սակայն այդ ճանապարհը գործող չէ, ուստի վտանգաւոր է, պէտք է ստուգուի եւ դառնայ վստահելի ճանապարհ մը: Մասնագէտներ կը դիտարկեն, որ ցանկութեան պարագային այդ ալ կարելի է նորոգել եւ պատրաստ պահել իբրեւ Թուրքիոյ հետ առեւտրային ճանապարհ մը:

Ոմանք կը կարծեն, թէ Անիի կամուրջը գուցէ հետաքրքրութիւն յառաջացնէ զբօսաշրջային տեսանկիւնէ. Անիի աւերակները այցելելու համար զբօսաշրջիկները կամ պատմական հայկական հետքեր տեսնել փափաքողները կրնան անցնիլ կամուրջով:

Ժամանակին Անիի կամուրջի կառուցման հիմքին մէջ այն գաղափարը դրուած էր, որ Հայաստանի կողմէն եթէ նայիս, կամուրջէն անցնողը իր դիմաց՝ ձորի բարձունքին կը տեսնէ Մայր տաճարին գմբէթը:

Թրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեան ալ այն կարծիքը յայտնած է, որ Անիի կամուրջին վրայով հնարաւոր չէ երկու երկիրներուն միջեւ կազմակերպել հաղորդակցութիւն, քանի որ այն չունի անհրաժեշտ տարողունակութիւնը, իսկ երկրորդը՝ գետին վրայ անոր դիրքը յարմար չէ եւ վերջապէս, կամուրջը կը գտնուի Անիի աւերակներու տարածքին մէջ, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ժառանգութեան ցուցակին մէջ է:

Այս բոլոր քննարկումներէն պարզ կը դառնայ, որ կամուրջի գործածելի ըլլալու կամ անոր վրայէն երազային ճամբորդութիւններ կատարելու մասին տակաւին վաղ է խօսիլ, քանի դեռ ամրապնդուած չեն դիւանագիտական յարաբերութիւնները՝ երկու երկիրներուն միջեւ:

 

ԿԱՄՈՒՐՋԻՆ ԿԻՑ ԳԻՒՂԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՄԻԱԿ ԲՆԱԿԻՉԸ

Ցաւով կարել է նայիլ Հայաստանի սահմանային դատարկուող գիւղերուն: Եւ այդ գիւղերը ո՛չ միայն հայ-ատրպէյճանական սահմանին մօտ են, այլեւ՝ կը գտնուին հայ-թրքական սահմանին: Անիի պատմական կամուրջին մօտ գտնուող սահմանային գիւղերէն է նախկին անունով Խարկով, այժմ Նորշէն հայկական գիւղը, որու շուրջ նոյնպէս Անիի աւերակներէն մնացորդներ կան: Ժամանակին շէն ու ծաղկուն եղած այս գիւղը արդէն տասը տարիէ ի վեր՝ միայն մէկ բնակիչ ունի՝ Վահանդուխտ Մելքոնեանը: 87-ամեայ այս համարձակ կինը միայնակ կը բնակի լքուած գիւղին մէջ: Ունի հինգ երեխայ, տասը թոռ, ինը ծոռ ու յամառօրէն չի լքեր գիւղը, որոշած է մինչեւ կեանքի վերջ ապրիլ այս գիւղին մէջ, ուր Հոկտեմբերեանէն հարս եկած, երջանիկ օրեր ապրած եւ յիշատակներ ունեցած է: Զաւակները ամէն կերպով կը ջանան իրենց տարեց մայրը տանիլ գիւղէն, բայց ան չ՚ուզեր: Ժամանակ առ ժամանակ անոր կ՚այցելեն նախկին դրացիներ, կը զրուցեն, լրագրողներ կու գան, կը նկարահանեն, զբօսաշրջիկները առ ի հետաքրքրութիւն կը թափառին ամայի գիւղին մէջ, հոնկէ կը դիտեն Անիին աւերակները, իսկ մարզային իշխանութիւնները ծաղկեփունջերով շնորհակալութիւն կը յայտնեն Վահանդուխտ մայրիկին՝ գիւղը պահելուն համար: Տարիներ առաջ ան նոյնիսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն պարգեւ ստացած է: Դիւրին չէ սակայն այցելել Վահանդուխտ մայրիկին՝ սահմանապահներէն յատուկ արտօնութիւն պէտք է՝ մուտք գործելու համար խիստ սահմանային այդ գօտի: Ախուրեան գետի ափին եւ Անիի աւերակներու դիմաց գտնուող Նորշէնը այսօր կը գտնուի սահմանապահներու ուղեկալէն ներս: Մարզկեդրոն Կիւմրիէն հեռու է շուրջ 50 քիլօմեթր: Հայուհին այդ տարածքի մէջ հող կը մշակէ, հաւ կը պահէ, իր ազատ ժամերը կ՚անցընէ տունին առջեւ նստած՝ նայելով հեռուն եւ խորհելով, որ օր մը, սահմանի բացումով գուցէ նաեւ իր սիրելի գիւղը ուշադրութեան արժանանայ, նախկին բնակիչները վերադառնան եւ Նորշէնը ապրի լիարժէք կեանքով:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս