Դիւանագիտութեան պատուհանը միշտ բաց է, բայց մենք ճնշման ու սպառնալիքներու ներքոյ ԱՄՆ-ի հետ ուղիղ բանակցութիւններու չենք երթար. այս մասին, Tasnim-ի հաղորդմամբ, ըսած է Իրանի ԱԳ նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաքչին:
Օրերս Իրանը մերժած է ԱՄՆ նախագահի՝ միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցելու առաջարկը՝ յայտարարելով, որ պիտի բանակցի միայն 3-րդ երկիրներու միջոցով: Ի պատասխան Թրամփ սպառնացած է ռմբակոծել Իրանը:
«Եթէ անոնք գործարքի չերթան, ապա ռմբակոծութիւններ պիտի ըլլան: Ռմբակոծութիւնը պիտի ըլլայ այնպիսին, ինչպիսին անոնք նախապէս չեն տեսած», -ըսած է ան։
Նախօրէին Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանն ըսած էր, որ Թեհրանը Թրամփին ուղղուած պատասխան նամակին մէջ մերժած է Ուաշինկթընի՝ միջուկային ծրագրի շուրջ ուղիղ բանակցութիւններ վարելու առաջարկը: Բանակցութիւններու պատուհանը բաց է միայն երրորդ երկիրներու միջնորդութեամբ:
Մինչդեռ ատկէ առաջ ԱՄՆ նախագահն ըսած էր, որ «վատ բաներ կրնան պատահիլ Իրանի հետ», եթէ երկրի իշխանութիւնները համաձայնութեան չգան Ուաշինկթընի հետ Թեհրանի վիճայարոյց միջուկային ծրագրի վերաբերեալ։