Բարի հոգի ունեցող ընկերս, որուն երակներուն մէջ կ՚եռար արկածախնդրութիւնը, խանդավառութիւնը, որուն համար կեանքը կատակ մըն էր, լեցուն դրական ուժով, ընկերասիրութեամբ։
ՀՄԸՄ-ի մարզական եւ սկաուտական շարքերուն մէջէն անցած եւ հոն հասակ առած Կարօ Պետիրեանը՝ Ապուլկար՝ միշտ պիտի յիշուի իր սերնդակիցներուն կողմէ, իր դաշնակցական ընկերներուն կողմէ։
Լիբանանահայ Սագօ Գասապեանի դիմատետրի էջէն կը կարդանք՝
«Այսօր, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի ննջեցեալներուն հոգւոյն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ։
Բազամահազար են ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալները, որոնց շարքին՝ նահատակուածները։ Անձամբ հարիւրաւոր անուններ կրնամ արձանագրել, բայց կայ մէկ անուն, որ կ՚ուզեմ հոս առանձնացնել, որովհետեւ ինձի համար ամէն օրուայ անբաժան անուններէն մէկն է, թէկուզ՝ անդի աշխարհ հաստատուած.- Կարօ Պետիրեան։
Բարի հոգի ունեցող ընկերս, որուն երակներուն մէջ կ՚եռար արկածախնդրութիւնը, խանդավառութիւնը, որուն համար կեանքը կատակ մըն էր, լեցուն դրական ուժով, ընկերասիրութեամբ։
ՀՄԸՄ-ի մարզական եւ սկաուտական շարքերուն մէջէն անցած եւ հոն հասակ առած Կարօ Պետիրեանը՝ Ապուլկար՝ միշտ պիտի յիշուի իր սերնդակիցներուն կողմէ, իր դաշնակցական ընկերներուն կողմէ։
Վէրքերով լի, քաջ ԼԵՄական ընկերս, մոմ եւ խունկ յիշատակիդ»։