Անցած գիշեր Ռուսիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը երկրի օդային տարածքին մէջ խոցած են ուքրանական 90 ԱԹՍ: Մասնաւորապէս Ազովի ծովու օդային տարածքին մէջ ՀՕՊ-ը ոչնչացուցած է 38 անօդաչու թռչող սարք, յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Գերատեսչութեան հաղորդմամբ՝ Քրասնոտարի երկրամասի օդային տարածքին մէջ խոցուած է 24, Խրիմի օդային տարածքին մէջ՝ 15, Սեւ ծովու օդային տարածքին մէջ՝ 7 ԱԹՍ:
Երկուքական անօդաչու թռչող սարք ոչնչացուած է Քուրսքի եւ Ռոսթովի օդային տարածքներուն վրայ, մէկական՝ Պրեանսքի եւ Պելկորոտի մարզերուն մէջ։
Բացի այդ, Ազովի ծով օդային տարածքին մէջ ոչնչացուած է Neptune-MD կառավարուող հրթիռը։