Միացեալ Նահանգներու Սենատի Յատկացումներու յանձնաժողովը 28 յուլիսին հրապարակած է իր 2023-ի ելեւմտական տարուայ յատկացումներու օրինագիծը, որով կը վերահաստատուի Ազատութեան աջակցութեան ակտի 907-րդ լրացումը եւ կ'առաջարկուի 2 միլիոն տոլար՝ Արցախի մէջ ականազերծման աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն՝ տեղահանուած հայերուն օգնելու համար: Այս մասին յայտնած է Ամերիկայի հայկական համագումարը:
Յանձնաժողովի զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս յայտարարուած է, որ «մինչեւ 2,000,000 տոլար՝ մարդասիրական ականազերծման եւ չպայթած զինամթերքի մաքրման համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ժամանակ մարտական գործողութիւններէն տուժած տարածքներուն մէջ, ենթակայ է նախնական խորհրդակցութեան Յատկացումներու յանձնաժողովներու հետ», ինչպէս նաեւ «մարդասիրական օգնութիւն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով» տեղահանուածներու համար:
Յունիսին Ներկայացուցիչներու պալատն ընդունած է օրինագծի իր տարբերակը, որով կոչ կ'ընէր 60 միլիոն տոլար օգնութիւն տրամադրելու Հայաստանին եւ 2 մլն տոլար՝ Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներուն համար: Ներկայացուցիչներու պալատի օրինագիծը կը ներառէր նաեւ Ազատութեան աջակցութեան ակտի 907-րդ լրացմանը վերաբերող հատուած:
«ԱՄՆ-ի շարունակական աջակցութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը կը շարունակեն չափազանց կարեւոր ըլլալ: Համագումարը պիտի շարունակէ աշխատիլ Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Սենատի հետ՝ ապահովելու լաւագոյն արդիւնքը հայ ժողովուրդին օգնելու համար»,– ըսած է Համագումարի Քոնկրէսական յարաբերութիւններու գծով տնօրէն Մարիամ Խալոյեանը։