Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս նոյեմբեր 15-ին լսումներ պիտի կայանան «Լեռնային Ղարաբաղի ապագան» թեմայով։
Ինչպէս հաղորդած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի կայքը, լսումներու բանախօսները պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ'Պրայընը եւ Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան Եւրասիայի եւ Եւրոպայի բիւրոյի վարիչի փոխտեղակալ Ալեքսանտր Սոքոլովսքին։