Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը պարծենայ, որ ռմբակոծած եւ ոչնչացուցած է Իրանի միջուկային արդիւնաբերութիւնը։ Էհ, շարունակեցէք այդպէս մտածել, ըսած է Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէին:
Յիշեցնենք, որ յունիս 13-ի գիշերը Իսրայէլը ռազմական գործողութիւն սկսած է Իրանի դէմ, որմէ քիչ ժամանակ անց Իսլամական Հանրապետութիւնը ձեռնարկած է պատասխան յարձակում։ Միացեալ Նահանգները հակամարտութեան մէջ մտած է ատոր սրացումէն ինը օր անց: Յունիս 22-ի գիշերը ամերիկեան ուժերը յարձակած են իրանեան երեք խոշորագոյն միջուկային կառոյցի՝ Ֆորտոյի, Նաթանզի եւ Սպահանի վրայ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պնդմամբ ատոնք ամբողջովին ոչնչացուցած են: