Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝
Սեպտեմբեր 2020-էն ետք, իմ գրառումներուս, եւ հարցազրոյցներու ընթացքին արտայայտութիւններուս մէջ յաճախ պնդած եմ թէ Արցախի ապագայի գծով ամենէ յուսալի ռազմավարութիւնը «Անջատում յանուն փրկութեան» տարբերակն է, որ կատարեալ տարբերակ մը չ՚ըլլալով հանդերձ, այն հանգրուանային յաղթանակն է որ Արցախին կրնար տալ կարելիութիւնը իր ինքնավարութեան իրաւունքը տեղաւորելու միջազգային օրէնքներու մէջ միջանկեալ տեղ մը՝ մինչեւ ապագային ամբողջական անկախութեան ու Հայաստանին միացման կարելիութիւնները իրատեսական ըլլան, եւ միջազգայնօրէն ընդունելի։ Ըլլայ հանրային կերպով, թէ իմ հետ կողմնակի խօսակիցներուս մեծամասնութիւնը առարկած են առաջարկածս մտքին, ըսելով թէ «Անջատում յանուն փրկութեան»ը կ՚ենթադրէ ընդունիլ թէ Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ, եւ այդ բնականաբար կը հակադրուի անկախութեան պահանջին որն առնուազն 3 տասնամեակներ առաջ քաշած ենք ազգովի։
Չխօսուած, բայց լռելեան հասկցուած է նաեւ որ Ռուսաստանը - ի շարս այլ անջատողական շարժումներ ունեցող պետութիւններու - այս տարբերակին հանդէպ դրական վերաբերում չունի, քանզի ան անուղղակի հաստատումն է Քոսովոյի մէջ իրագործուած վերանշեալ տարբերակին։
Իմ կողմէս, փորձած եմ բացատրել թէ այդպէս չէ, եւ թէ իրաւագիտութիւնը կ՚ընծայէ առիթներ հետապնդելու մասնակի տարբերակներ, առանց ամբողջական իրաւունքներէ հրաժարելու։ Աւելին, փորձած եմ ցոյց տալ թէ կան ժամանակաւոր «նահանջներ» նոյնիսկ ամենէ յաջող ռազմավարութիւններուն մէջ, մանաւանդ եթէ այդ «նահանջ»ը հանգրուանային յաղթանակ արձանագրելու նպատակով է։
Սակայն, դժբախտաբար այսօր մենք ունինք այն ինչ ունինք, թէեւ Արցախի բնակչութեան իր հողէն կտրուիլը կտրականապէս կը դժուարացնէ ապագայի քայլերը։ Կը յուսամ, որ կարելի կ՚ըլլայ առանց ուշացումի նոր ռազմավարութիւն զարգացնել։ Այդ ռազմավարութեան սկիզբն ու ամենէ կարեւոր ազդակը, ըստ իս, անմիջապէս Արցախեան վտարանդի ներկայացուցչութիւն հաստատելն է, որպէսզի ան ներկայացնէ բռնի տեղահանուածներու վերադարձի ԻՐԱՒՈՒՆՔը։ Այս իմաստով, ինծի համար լրիւ անհասկնալի մնաց Արցախի Հանրապետութեան «լուծարել»ու քայլը, որ ոչ մէկ տրամաբանութեան մէջ կը տեղաւորուի, եւ յամենայնդէպս ապօրինի քայլ մըն է։ Խնդրեմ հոս չ՚առարկէք թէ տեղահանուածներէն ոչ ոք կը վերադառնայ, եւայլն., որովհետեւ այդ շատ երկրորդական է։
Հիմա, կարեւորագոյն հրամայականը ժամանակ չկորսնցնելն է՝ առնուազն սկիզբ մը դնելու յաջորդ հանգրուանին համար որ ինքնին մէկ, երկու կամ աւելի տասնամեակներու գործընթաց ու պայքար կ՚ենթադրէ։