Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլըր յայտարարեց, որ իր երկիրը խորապէս մտահոգուած է Արցախի մէջ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակով՝ աւելցնելով, որ այդ մէկը հետեւանք է արժանապատիւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ ուտելիքիի, դեղամիջոցներու եւ այլ ապրանքներու շարունակական արգելափակման:
«Միացեալ Նահանգները վերջին շաբաթներուն, մնայուն կերպով աշխատեցաւ կողմերուն հետ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւնը հասանելի դառնայ», նշեց Միլըր:
Ան վերահաստատեց Լաչինի միջանցքը անյապաղ վերաբանալու Ուաշիկթընի կոչը՝ նշելով. «Պաքուի պաշտօնեաները եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները պէտք է անյապաղ հանդիպին, համաձայնեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող տղամարդոց, կիներուն եւ մանուկներուն համար կարեւոր ապրանքներու փոխադրումը, նաեւ՝ մատակարարման յաւելեալ ուղիներով, եւ վերսկսին քննարկումները բոլոր հարցերուն շուրջ։ Պարզ մարդասիրական աջակցութիւնը երբեք պէտք չէ գերի դառնայ քաղաքական տարակարծութիւններու», դիտել տուաւ Միլըր: