image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ մեծ քանակութեամբ զինամթերք ուղարկած է Ուքրանիա

ԱՄՆ մեծ  քանակութեամբ  զինամթերք ուղարկած է Ուքրանիա

ԱՄՆ-էն Ուքրանիոյ յատկացուող լրացուցիչ ռազմական օգնութեան առաջին խմբաքանակը հասած է Քիեւ: 

«Ռազմական օգնութիւնը կը ներառէ մօտ 90 թոն մահացու զէնք, այդ շարքին՝ Ուքրանիոյ՝ ռազմաճակատին վրայ գտնուող պաշտպաններուն համար նախատեսուած զինամթերք: Այս օգնութիւնը ցոյց կու տայ ԱՄՆ-ի հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ պաշտպանունակութեան ամրապնդման՝ Ռուսաստանի կողմէ աճող յարձակման լոյսին տակ», կ'ըսուի Քիեւի մէջ ամերիկեան դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:

Ուքրանիան աւելի վաղ յայտնած էր, որ ԱՄՆ-ն լրացուցիչ օգնութիւն յատկացուցած է երկրին 200 միլիոն տոլարի չափով՝ պաշտպանական կարիքներու համար: CNN-ի տուեալներով՝ Ուաշինկթըն մտադիր է զէնք, զինամթերք, բժշկական սարքաւորումներ եւ դիտարկման միջոցներ փոխանցել: 2021 թուականին ԱՄՆ-ի կողմէ Ուքրանիոյ յատկացուած ռազմական օգնութեան ընդհանուր ծաւալը հասած է մրցանշային 650 միլիոն տոլարի: