image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի միջեւ որեւէ պատերազմ աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ․ Քիսինճըր

ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի միջեւ որեւէ պատերազմ աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ․ Քիսինճըր

ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի միջեւ որեւէ պատերազմ աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ: Այս մասին  ըսած է ԱՄՆ նախկին պետական քարտուղար Հենրի Քիսինճըր:

«Չինաստանը պատմութիւնը կը դիտարկէ որպէս անվերջանալի եղափոխութիւն, ուր խնդիրի մը լուծումը մէկ այլ խնդիրի լուծման մուտքի տոմսն է:  Չինաստանը ինքզինք գերիշխող կը համարումէ իր գործողութիւններու մասշտաբներուն պատճառով: Բայց անոնք ունին մէկ խնդիր, որ նախապէս երբեք չէ եղած: Արհեստագիտութիւնը դարձած է մասնակից այն առումով, որ անոր եղափոխութիւնը տեղի կ'ունենայ չլսուած արագութեամբ: Աւելին, մարդու ստեղծած առարկաները կրնան զարգացնել գիտակցութիւնը, յայտնուած են համակարգիչներ, որոնք կրնան յօդուածներ գրել եւ զէնքեր պատրաստել, որոնք կրնան որոշել իրենց թիրախները: Այսպիսով, այս երկիրներուն միջեւ պատերազմը պիտի ունենայ աղէտալի հետեւանքներ, որոնք նոյնիսկ 30 տարի առաջ չէինք կրնար պատկերացնել: Այսպիսով, ես միշտ կ'ըսեմ, որ Միացեալ Նահանգները եւ Չինաստանը յատուկ պատասխանատուութիւն ունին` ըլլայ իրար հետ` կանխելու այդ վտանգը», ըսած է Քիսինճըր: