image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկայի մէջ. 10 Միլիոն տոլար՝ Արեւմտեան Թեմի դպրոցներուն

Ամերիկայի մէջ. 10 Միլիոն տոլար՝ Արեւմտեան Թեմի  դպրոցներուն

Հայ եկեղեցւոյ համար Հայ դպրոցը յոյժ եզակի տեղ ունի բազում հարիւրամեակներէ ի վեր, որովհետեւ անիկա՝ Հայ դպրոցը, կենսաբանական որդին է Հայ եկեղեցւոյ:

Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռը՝ իբրեւ կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ծաղկման կեդրոն, իր թեմերուն ճամբով, բոլոր ժամանակներու հայ կեանքին մէջ մինչ օրս վառ կը պահէ յաղթական Մեսրոպի երկնած առաջին հայ դպրոցի տարածման եւ բարգաւաճման տեսիլքը՝ կեանքի կոչելով հայագիտութեան զարգացման բազմաթիւ ծրագիրներ եւ կրթական վառարաններ:

Արամ Ա. կաթողիկոսը 2022ը հռչակեց «Սփիւռքի Տարի», համասփիւռեան բոլոր կառոյցները հոգեպէս, բարոյապէս եւ գործնապէս հրաւիրելով՝ Սփիւռքի վերանորոգումը եւ վերակազմակերպումը իրականացնելու այնքան պատասխանատու ու հրամայական գործին:   

Այս ծիրին մէջ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի անդուլ ջանքերով եւ Ազգային վարչութեան բծախնդիր հետեւողութեամբ, անհատ բարերարներ եւ հիմնադրամներ, Ազգային առաջնորդարանի ճամբով, բազմամակարդակ զօրակցութիւն ցոյց տուին թեմիս Ազգային վարժարաններուն՝ 10 միլիոն տոլար, անոնց առաւել պայծառացման եւ ընդարձակման այնքան ողջունելի նպատակին համար: 

Այս իմաստով, ուրախ ենք յայտարարելու, որ հայրապետին «Սփիւռքի Տարի» վեհափառեան հռչակումը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի 2021-2022 կրթական տարեշրջանին համար վերածուեցաւ յաղթական տօնախմբութեան, մանաւանդ իր տեսակին մէջ վերոնշեալ աննախընթաց ձեռքբերման շնորհիւ:

Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը բարձր կը գնահատէ հայ դպրոցին զօրակցող բոլոր բարերարները եւ նոր նուաճումներ կը մաղթէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին:

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ