image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկա պատրաստ չէ վերցնել Իրանի դէմ դրուած պատիժները

Ամերիկա պատրաստ չէ վերցնել Իրանի դէմ դրուած պատիժները

Միացեալ Նահանգները պիտի չչեղարկէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները, որպէսզի անոր վերադարձնէ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի շուրջ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ:

Ինչպէս կը հաղորդէ ТАСС գործակալութիւնը, այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն CBS հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ՝ անդրադառնալով Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան:

Պայտընին հարցուցած են՝ արդեօ՞ք ան կ'ընէ առաջին քայլը եւ կը չեղարկէ հակաիրանական պատժամիջոցները, որպէսզի Իրանին վերադարձնէ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի շուրջ բանակցութիւններուն, ինչին ի պատասխան ԱՄՆ ղեկավարն ըսած է. «Ոչ»:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այաթուլլա Ալի Խամենէին յայտարարած էր, որ Իրանը պիտի վերադառնայ ծրագրով իր պարտականութիւններու կատարման, երբ ԱՄՆ-ն չեղարկէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները: