image

«Ամէն ինչ պիտի ընենք Ատրպէյճանի հզօրացման համար» Իսրայէլացի դիւանագէտ

«Ամէն ինչ պիտի ընենք Ատրպէյճանի հզօրացման համար» Իսրայէլացի դիւանագէտ

Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ճորճ Տիք յայտարարած է, որ Ատրպէյճանն ու Իսրայէլը ռազմավարական գործընկերներ են, ուստի իրենք ատոր լուրջ կը վերաբերին: «Մենք «ռազմավարական» բառը որեւէ երկրի առնչութեամբ պատահականօրէն չենք օգտագործեր: Այս առումով մեր գործընկերութիւնը խոր է եւ կ՛ընդգրկէ ոլորտներու լայն շրջանակ», ԱՓԱ-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Տիք:

Ան նշած է, որ այդ ոլորտներէն մէկը անվտանգութիւնն է, եւ որ Իսրայէլի` Արցախի հարցին մէջ դիրքորոշումը յստակ էր. Իսրայէլ կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Մենք նաեւ կը հասկնանք, որ Ատրպէյճանը կ՛ապրի բարդ դրացնութեամբ այն երկիրներուն հետ, որոնք բացայայտ կամ քողարկուած կը սպառնան անոր անկախութեան կամ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք` իբրեւ ընկեր, ամէն ինչ պիտի ընենք Ատրպէյճանի հզօրացման համար, որպէսզի կանխարգիլենք այն սպառնալիքը, որ կրնայ բխիլ մեր գործընկեր Ատրպէյճանի դէմ որեւէ ուժէ», ըսած է Իսրայէլի դեսպանը:

Լուրը՝  «Ազդակ»էն