image

Ամբողջ աշխրահի մէջ. Windows համակարգի խնդիրները պատճառ դարձած են մեծ խափանումներու

Ամբողջ աշխրահի մէջ. Windows  համակարգի խնդիրները պատճառ դարձած են մեծ  խափանումներու

ԱՄՆ-ի, ԵՄ-ի, Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու օդանաւի ընկերութիւններու աշխատանքին մէջ ընդհանուր խափանումներ տեղի ունեցած են, որ պայմանաւորուած է Windows համակարգի անսարքութեամբ, յայտնած են Reuters-ը, Forbes-ը, The Economic Times-ը եւ CNN-ը:

Մասնաւորապէս, ամերիկեան խոշորագոյն օդանաւի ընկերութիւնները՝ American Airlines-ը, United Airlines-ը, Delta Airlines-ը եւ Frontier Airlines-ը, արդէն յայտարարած են խափանման պատճառով թռիչքներու դադրեցման մասին։

Թուրքիոյ խոշորագոյն օդանաւային ընկերութիւնը՝ Turkish Airlines-ը, նոյնպէս յայտնած է ընդհանուր խափանման  մասին, որ խնդիրներ առաջացուցած է տոմսերու ամրագրման եւ գրանցման հետ կապուած:

Նոյն իրավիճակն է Հնդկաստանի եւ Գերմանիոյ շարք մը օդակայաններու մէջ:

Նշուած է, որ Սպանիոյ բոլոր օդակայաններուն մէջ տեղի ունեցած է «համակարգչային համակարգերու հետ կապուած միջադէպ»:

Մեծ Բրիտանիոյ քանի մը օդակայաններ նոյնպէս ստիպուած եղած են դադրեցնել թռիչքները։

Նշուած է, որ խափանումներ առաջացած են նաեւ տարբեր երկիրներու դրամատուներու եւ հեռուստաալիքներու, այդ շարքին՝ բրիտանական Sky News հեռուստալիքի աշխատանքին մէջ:

Բոլոր Windows համակարգիչները, որոնց վրայ տեղադրուած է CrowdStrike ծրագիրը, չեն աշխատիր։ Կ՚երեւին միայն կապոյտ պաստառներ: Սարքերը եւ սըրվըրները, որոնց վրայ այն տեղադրուած է, «կ՚անջատուին ցանցէն եւ կ՚անցնին անվերջ վերագործարկման փուլ»:

Microsoft-ը յայտնած է, որ Windows համակարգի լայնածաւալ խափանումը կը փորձեն վերացնել, ծառայութիւնները կը վերականգնուին: