image

Ալիեւ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 9 քաղաք «զէրոյէն պիտի կառուցէ»

Ալիեւ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 9 քաղաք «զէրոյէն պիտի կառուցէ»

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «զէրոյէն կը կառուցէ» 100 բնակավայր, այդ շարքին՝ ինը քաղաք եւ ութ գիւղ։ Ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, այս մասին Ալիեւ ըսած է Կեդրանական Ասիոյ պետութիւններու տնտեսութիւներու համար ՄԱԿ-ի յատուկ ծրագրի գագաթնաժողովի ընթացքին իր ելոյթի ժամանակ։

«Բռնագրաւումէ ազատագրուած տարածքներուն մէջ մենք... զէրոյէն կը կառուցենք նոր քաղաքներ եւ գիւղեր, սկզբնական փուլին կը նախատեսուի վերականգնել 100 բնակավայր, այդ շարքին՝ ինը քաղաք եւ ութ գիւղ: «Մեծ վերադարձ» ծրագրի շրջածիրէն ներս նախկին ներքին տեղահանուածները կը վերադառնան իրենց պապենական հողեր: Մինչեւ 2026 թուականի վերջը 140 հազար նախկին ներքին տեղահանուած պիտի վերադառնան իրենց տուները»,-ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Ալիեւ, սակայն, չէ մանրամասնած, թէ որ քաղաքներու մասին է խօսքը։