Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթնաժողովին, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Յիշեցնենք, որ այսօր ՀՀ կառավարութենէն յայտնած են, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, կնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ յուլիս 17-20-ն աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Լոնտոն, ուր պիտի մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին: