image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ կողմ է առանց միջնորդներու բանակցութեանց

Ալիեւ կողմ է առանց միջնորդներու բանակցութեանց

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կողմ է, որ Պաքուի եւ Երեւանի բանակցութիւնները կայանան առանց միջնորդներու։

«Կը կարծեմ, որ համաձայնութեան գալու լաւագոյն միջոցը ուղիղ բանակցութիւններն են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, առանց որեւէ միջնորդի եւ խանգարումներու»,-ըսած է Ալիեւ հայկական բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ կայացող միջոցառման ժամանակ։

«Կը կարծեմ, որ երկու երկիրներու միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները աւելի օգտակար եւ պիտանի կ'ըլլան։ Կը կարծեմ՝ մենք պէտք է այսուհետեւ եւս շարժինք այս ուղղութեամբ, եթէ, ի հարկէ, Հայաստանը նոյնպէս պատրաստ է ատոր»,- նշած է Ալիեւ։ Ան տեղեկացուցած է, որ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ պէտք է կայանայ այս ամիս Ռուսիոյ մէջ։