image

Ալա․․․ Որսորդական ալուան քուրձը

Ալա․․․ Որսորդական ալուան քուրձը

Որսորդներ կը սիրէին վանդակի մէջ կաքաւ պահել։ Ատենօք, լեռնալանջերու դարաւանդները ցանքի արտեր էին։ Հիմնական ցանքը ցորենն էր, կաքաւի համար ալ հիմնական կերը։ Կաքաւի ձագերը կը բռնէին, երբ թուխսը ձագերը արածելու իջեցնէր խոզանները։ Խրտչէլու պարագային, տակաւին թռչելու անկարող ճուտիկները կը պահուըտէին խեշերանքներու տակ։ Թուխսը կը թռէր ձորն ի վար կամ տոճելով՝ արագ քալելով կը կորսուէր վերի քարքարուտներուն եւ թփուտներուն մէջ։Վտանգը անցնելէ ետք գեղգեղելով կը կանչէր ու կը հաւաքէր իր ճուտերը։

Վանդակի մէջ մեծցած կաքաւը կ՛ընտելանար ու վանդակէն դուրս հանելու պարագային բակէն չէր հեռանար։ Ես տեսեր եմ բակի հաւերուն հետ արածող կաքաւ։ Ան տիրոջ սուլոցին գեղգեղելով կը պատասխանէր։

Որսորդը կաքաւի որսի ատեն վանդակի մը մէջ հետը կը տանէր իր տան կաքաւը։ Խոզանի մը մէջ նախօրօք մարդահասակ ակօս մը կը բանար ու վրան ցորեն կը ցանէր։ Ասիկա մաթալմա կը կոչուէր։ Հոն կաքաւները կերի կ՛իջնէին։ Ճիշդ դէմը, քսան մեթր անդին որսորդը ճիւղերով ու ցախերով կը շինէր իր աֆսէօնը, որսորդի գաղտնի կացարանը, ուր որսորդը կը նստէր իր կաքաւին հետ։ Կաքաւը կը գեղգեղէր, թփուտներուն մէջ պահուըտած կաքաւի ընտանիքը ձայն կու տար։ Եթէ մաթալմայէն վար դիրքի մը վրայ գտնուէին, ապա անոնք ցատկռտելով կ՛ելլէին դէպի մաթալման, իսկ եթէ բարձր տեղ գտնուէին՝ թռելով կ՛իջնէին հոն։ Այսպէս է կաքաւներուն բնական շարժուձեւը, վարէն վեր քալել, վերէն վար թռչիլ։

Մաթալմայի վրայ հաւաքուած կաքաւները դիւրին որս կը դառնային։

Բայց հետաքրքրականը ալայով կաքաւորսը կ՛ըլլար։

Ալան կանեփէ քուրձ մըն էր, որուն վրայ երկու անց կը բանային, մէկէն՝ մաթալմային հսկելու, միւսէն՝ թվանկի փողը դուրս հանելու համար։ Ալային վերի երկու ծայրերը ոլորուած կ’ըլլային գայլի ականջի ձեւով, իսկ ամբողջ մակերեսին կապոյտ ներկով անհամաչափ շրջանակներ դաջուած կ՛ըլլային։ Գռնեպի՝ իբրեւ շերեփ գործածուող ջրադդումի, երկար սնամէջ կոթը երեք տեղէ կը սղոցէին՝ հաստ, միջակ եւ փոքր օղակներ պատրաստելով։ Անոնք կարգով կը թաթխէին ներկին մէջ ու կը դրոշմէին քուրձին վրայ՝ կապոյտ կլորներ ձեւացնելով: Ներկը կը պատրաստուէր փշակաղնիի արմատէն, կը խաշէին ու կարմիր ներկ մը կ՛ունենային։ Փշակաղնիի կարմիր ներկը քուրձի վրայ կապոյտ կը դառնայ։

Երկու կողմէն երկար ձողեր ունեցող ալան կը տնկէին աֆսէօնին դռան առջեւ, ու մաթալմայի իջած կաքաւները զայն տեսնելով իրարու քով կուչ կու գային, նոյնիսկ, կ՛ըսեն, զիրար հրելով կը մօտենային ալային։ Չեմ գիտեր, վախի ստեղծած հակազդեցութի՞ւնն է ասիկա կաքաւներուն քով, թէ ալան կախարդական հմայք մը ունէր անոնց համար։

Երգ ալ կայ․ «Կէքվընէն կուրթուն ալուօն» (կաքաւորսի ալայով կ՛երթան)։

Ալան կը տնկեն նաեւ ձորի վերի գլուխը։ Վահանիկ Սաղտճեանը կը պատմէր, որ բարձունքի մը վրան ալան կը տնկէ ու անոր շուքին՝ թվանկը գրկած, գլուխը կը դնէ սէզերուն վրայ ու կը քնանայ: Կ’արթննայ կաքաւներու կչկչոցէն: Կը տեսնէ որ կաքաւները վարէն վեր, դէպի ալան՝ շարքով կու գան: Մէկ հարուածով 14 կաքաւ կը զարնէ:

- Խօսքին սխալը կ՛ըլլայ, սուտը չ՛ըլլար,- կ՛ըսեն քեսապցիք։

Յ․Գ․ Որսորդ հայրենակիցներ, գիտեմ, արտ ու ցանք չկայ, ուրեմն կաքաւ գրեթէ չկայ, բայց ալա ունեցող մը, հին ալա մը տան մէջ պահած մէկը կը գտնուի անպայման․ նկարեցէք եւ հոս տեղադրեցէք։ Շնորհակալ կ՛ըլլամ։