«Ալ-Մայատին» հեռուստաալիքի պատերազմական լրագրող Օկարիթ Տանտաշը Արցախ մեկնած է: Այս մասին կը տեղեկանանք Տանտաշի դիմատետրի մէջ թողարկած նկարէն, որուն տակ լրագրողը գրած է. «Ղարաբաղի մէջ: Ես Հայաստանի հետ եմ, Ազրպէյճանի դէմ: Լուսանկարս հայոց բանակի հետ է Ղարաբաղ-Ազրպէյճան սահմանին գտնուող զօրակայանին մէջ»:
Նշենք, որ Տանտաշ սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն աշխուժ լրագրողական գործունէութիւն ծաւալած է, գտնուելով ամենաթէժ պատերազմական գօտիներու վրայ: