image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Դէպի երկրորդ փուլ` իրանական-թուրանական տեսքով

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Դէպի երկրորդ փուլ` իրանական-թուրանական տեսքով

«Իբրեւ այլընտրանքային ճամբայ կը դիտարկուի նաեւ միջինասիական միջանցքը: Պիտի ըլլան նաեւ այլընտրանքային ուրիշ տարբերակներ, որովհետեւ նախկին բոլոր միջանցքները հիմնադրուած են ութ-ինը տասնամեակ առաջ, եւ անոնց ներուժներն ու կարելիութիւնները մշակուած են», նշած է Օ՛պրայըն:

Իրանի ընտրութիւնները պահանողական- բարեկարգչական երկուութեան տարազին տակ կը պահեն իրանական-թուրանական առանցքներու խնդիրը: Նախադրեալները այնպէս են, որ անկախ նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներէն, հոգեւոր պետով մարմնաւորուած համակարգի ճշդած արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները կը մնան անփոփոխ:

 

 

Իրանի նախագահական ընտրութիւնները յայտնապէս կը կայանան երկու փուլով: Թեկնածուներու ցանկի բիւրեղացումը երեք փուլ ունի: Ներկայացող բազմաթիւ թեկնածուներու զտումը կը կատարէ Սահմանադրութիւնը պահպանողներու խորհուրդը: Ապա, մինչեւ առաջին փուլ կը գրանցուի թեկնածուներու յետս կոչում, սակայն առաջին փուլին կը կայանայ ոչ երկբեւեռ ընտրութիւն: Երկրորդ փուլին, բնականաբար բեւեռացած:

Այս կարգը բնական ընթացք է նախագահական ընտրութիւններու պարագային տարբեր երկիրներու մէջ եւս: Իրան փաստօրէն ընտրութեան նոյն ընթացքով կ՛իրականացնէ իր նախագահական ընտրութիւնները:

Իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչողները կը նկատուին պահպանողական, որոնց քայլը տրամաբանօրէն պիտի նպաստէ հիմնական պահպանողական թեկնածուին: Պահպանողական բնութագիրով ընկալուած թեկնածուն կը նկատուի երկրի հոգեւոր պետով մարմնաւորուած համակարգի թեկնածուն:

Բարեկարգչականի անուան տակ կայ գլխաւոր թեկնածու, որ ծագումով ազերի է եւ չի պահեր անշուշտ իր ինքնութիւնը: Հարցախոյցներու արդիւնքներով ան յառաջատար դիրքի վրայ կը գտնուի:

Ի՞նչ կը նշանակէ այս երեւոյթը: Առաջին հայեացքով անշուշտ այն, որ թուրանական գիծը Իրանի պետական կեանքին մէջ կը ստանայ առանցքային կարգավիճակ: Այստեղ առարկութիւնը չ՛ուշանար ընդգծելու համար, որ պետական հիմնարկներու մէջ ներկայութիւն եղող ծագումով ազերիները աւելի իրանցի են, քան ազերի:

Կայ սակայն քաղաքական այլ բաժին այս բոլորին մէջ: Իրանի հասարակարգի ժողովրդավար դիմագիծի հանրայնացման, ինչու չէ նաեւ միջազգայնացման համար անհրաժեշտ է ժողովուրդի մասնակցութեան բարձր համեմատութիւնը, որ նաեւ իր հերթին կ՛ապահովէ ընտրութեան օրինականութիւնը (լեճիթիմըսի): Ծագումով ազերի ազգաբնակչութեան ներգրաւումը ընտրութիւններուն եւ այդ առումով մասնակցութեան զանգուածայնացումը պետական առաջադրանք է:

Ամէն ինչ  սակայն մշակուած է, որքան ալ կանխորոշման տեսութեան չէզոքացման գործողութիւններ կիրարկուին: Չի բացառուիր, որ յառաջատար դիրք գրաւած բարեկարգչականը զիջի պահպանողական թեկնածուին, երբ երկրորդ փուլին պահպանողական միւս թեկնածուներուն քուէները ուղղորդուին, այս պարագային միացեալ թեկնածուի կարգավիճակ ստացած Ժալիլիին:

Յիշենք, որ հայկական հարցերու ուղղութեամբ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատարը կը յայտարարէր, որ իր երկիրը դէմ է թէ՛ սահմաններու եւ թէ՛ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան: Ընտրութիւններու նախաշեմին նման յայտարարութեամբ ան պարզ կը դարձնէր, որ Իրանի դիրքորոշումը անփոփոխ է Սիւնիքի ստանալիք կարգավիճակին ուղղութեամբ: Նորութիւնը այն էր, որ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւնը եւս անընդունելի նկատելով Իրանի ներկայացուցիչը յստակ կը դարձնէր, որ դէմ է «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի գաղափարին:

Երէկ Հայաստանի մէջ գործող Իրանի դեսպանը կը վերահաստատէր սահմաններու անփոփոխելիութեան իր պետութեան վճռականութիւն` աւելցնելով, որ չեն ընդունիր նաեւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն տարածաշրջանին մէջ։

Յայտարարութեան երկու բաղադրիչներն ալ բազմաթիրախային են եւ ուղղուած են տարածաշրջանի գլխաւոր խաղցողներուն: Կեդրոնացումը դարձեալ Սիւնիքի վրայ է, որ ստացած է աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն: Հիւպատոսութիւն բանալու Իրանի որոշումին միացած են Ռուսիոյ դաշնութիւնն ու Ֆրանսան: Մինչ Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն խօսիլ տարածաշրջանի ապաշրջափակման իրենց պատկերացումներուն մասին:

Օ՛Պրայընի յայտարարութիւնը առ այն, որ  տարածաշրջանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները այժմ աշխարհի այլ վայրեր արտածումները կը կատարեն միայն Չինաստանի կամ Ռուսիոյ տարածքով, եւ որպէսզի ելք ունենան, պէտք է աշխատին արտածում կատարել Ազրպէյճանի տարածքով:

Հարցին աշխարհաքաղաքականացումը կը փաստէ նաեւ այս անգամ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարը, որ պարզ կը դարձնէ Հնդկաստանէն մեկնարկելի նոր երթուղիներու նախագիծը: Վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած են բազմաթիւ փոփոխութիւններ, որոնց հիմամբ ընձեռուած են նոր փոխադրամիջոցային եւ գումակային միջանցքներ բանալու կարելիութիւններ: Շատ կը խօսուի Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային ուղիի մասին, որուն իբրեւ առանցք բազմաթիւ պետութիւններու համար կարեւոր դերակատարում ունի Չապահարի նաւահանգիստը:

«Իբրեւ այլընտրանքային ճամբայ կը դիտարկուի նաեւ միջինասիական միջանցքը: Պիտի ըլլան նաեւ այլընտրանքային ուրիշ տարբերակներ, որովհետեւ նախկին բոլոր միջանցքները հիմնադրուած են ութ-ինը տասնամեակ առաջ, եւ անոնց ներուժներն ու կարելիութիւնները մշակուած են», նշած է Օ՛պրայըն:

Իրանի ընտրութիւնները պահանողական- բարեկարգչական երկուութեան տարազին տակ կը պահեն իրանական-թուրանական առանցքներու խնդիրը: Նախադրեալները այնպէս են, որ անկախ նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներէն, հոգեւոր պետով մարմնաւորուած համակարգի ճշդած արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները կը մնան անփոփոխ:

 

«Ա.»