Պարգեւատրուած են նաեւ եգիպտացի բեմարար Իսամ Նաժիի «Մոռցուած հայրենիք» ֆիլմի աշխատակիցները եւ Եգիպտոսի Հայ ազգային իշխանութեան քարտուղար Տօքթ. Արմէն Մազլումեան, գնահատելով անոնց ջանքերը՝ փաստագրելու եւ պատմելու հայ փախստականներու տառապանքները, պատմելու անոնց առօրեայ կեանքի իրադարձութիւններու, ներկայ մարտահրաւէրներու եւ անորոշ ապագայի մանրամասնութիւններու մասին, եւ լոյս սփռելու Հայաստանի հարաւային շրջանի՝ «Սիւնիք»ի կարեւորութեան վրայ՝ աշխարհաքաղաքական, աշխարհագրական եւ պատմական առումներով:
Հանդիսութիւնը արտացոլումն էր Քուէյթի հայ համայնքի ուժին ու միասնութեան եւ ընդգծում էր մշակութային եւ լրատուական գործիչներու վճռորոշ դերին, պատմութեան պահպանման, նաեւ երկու ժողովուրդներուն յարաբերութեան ու բարեկամութեան ամրապնդման։
Օրերս Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ բեմադիր Իսամ Նաժիի «Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական ֆիլմը։ Այս ֆիլմով Նաժի նաեւ մասնակցած էր Հայաստանի մէջ «Ոսկէ ծիրան» ֆիլմի փառատօնին։ Երեկոյթը կազմակերպուած էր Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեան, Հայաստանի դեսպան Սարմէն Պաղդասարեան, համայնքին մէջ գործող ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ցուցադրութենէն ետք, Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ պարգեւատրուեցան Հայաստանի դեսպանը, տեղացի եւ օտար բարեկամներ, որոնք իրենց աշխատանքներով միշտ թիկունք հանդիսացած են հայ ժողովուրդին:
Բացման խօսքին մէջ նշուեցաւ այս տեսակ հանդիսութիւններու կարեւորութիւնը համայնքային կապերու ամրապնդման եւ տարբեր մշակոյթներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի խթանման առումով:
Նաեւ պարգեւատրուեցան լրատուական եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած անհատներ՝ առ ի գնահատանք իրենց ակնառու եւ իւրայատուկ ջանքերուն, ամրապնդելու հայկական մշակոյթն ու ժառանգութիւնը Քուէյթի մէջ:
Պարգեւատրուողներու շարքին էին Քուէյթի Պետական մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան ազգային խորհուրդի նախկին ընդհանուր քարտուղար Դոկտոր Քամէլ Ապտ Ալժալիլը «Հայաստանը Քուէյթի աչքերով» իր գիրքի հրատարակութեան առիթով, որ կ’արծարծէ Հայաստանի բազմաթիւ կողմերը, ներառելով տնտեսութիւնը, զբօսաշրջութիւնը, կրթութիւնը, մշակոյթը, արուեստը, հնութիւններու եւ հազուագիւտ պատմական մատենագրութիւններու գաղտնիքները, եւ այս բոլորը կու գան վկայելու Հայաստանի հարուստ պատմութեան մասին:
Ինչպէս կ’ըսէ դոկտոր Քամել, « Այս է Հայաստանը... հաճելի աշխարհ մը, հետաքրքրական գաղտնիքներ բացայայտող, ընկերասէր ժողովուրդ, համեղ ուտելիքներու ճոխ ճաշասեղաններ եւ արաբ ժողովուրդին հետ հարիւրաւոր տարիներու ակնառու յարաբերութիւններ»:
Ալ-Աժմին նաեւ պարգեւատրուեցաւ իր «Կորսուած մարդկութիւն» խորագրով, 4 մասերէ բաղկացած յատուկ տեսահոլովակի փայլուն պատրաստութեան համար: Այս աշխատանքով ան տպաւորիչ ձեւով կը պատմէ հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր հանգրուանները եւ անոր պայքարի, տոկունութեան եւ ապագայի ձգտումներու տեսլականին մասին:
Առաւել պարգեւատրուեցաւ հետազօտող եւ լրագրող Համզա Ալեանի՝ «Հայերը Քուէյթի մէջ. Պատմական պատմութիւններ եւ վաւերագրուած վկայութիւններ» գիրքի հեղինակը, որ իր ջանքը տարած է փաստագրելու Քուէյթի հայերու հարուստ պատմութիւնը իր խորաթափանց հրապարակումներուն միջոցով: Անոր գիրքը կը ծառայէ ոչ միայն որպէս գիտական աշխատութիւն մը, այլ որպէս կամուրջ անցեալի եւ ներկայի միջեւ՝ երաշխաւորելու, որ տարածաշրջանի հայերու պատմութիւնները չմոռցուին կամ չանտեսուին: Տեսահոլովակը յարգանքի տուրք է հայ համայնքի աննկուն ոգիին եւ անոր մնայուն ժառանգութեան, հայեր՝ որոնք պայքարած են իրենց մշակոյթը կենդանի պահելու համար դժուարութիւնները դիմակայելով: