Լարուած ական մը պայթեցաւ այս առաւօտ լիբանանեան Պեքաայի Մաժտալ Այնճար շրջանին մէջ: Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին ականը զետեղուած էր Մոհամմատ Սալիմ Ապտըլ Խալէքի ինքնաշարժին տակ: Պայթումին հետեւանքով արձանագրուեացան նիւթական վնասներ եւ շրջանին մէջ ապրող երկու փախստական երեխաներ թեթեւօրէն վիրաւորուաեցան: Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ շրջանի ապահովական մարմինները քննութիւն բացած են դէպքին շուրջ: