image

Ականի պայթում Մաճտըլ Այնճարի մէջ

Ականի պայթում  Մաճտըլ Այնճարի  մէջ

   Լարուած ական մը պայթեցաւ այս առաւօտ  լիբանանեան  Պեքաայի Մաժտալ Այնճար շրջանին մէջ:  Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին    ականը   զետեղուած էր  Մոհամմատ Սալիմ Ապտըլ Խալէքի  ինքնաշարժին տակ:  Պայթումին հետեւանքով   արձանագրուեացան  նիւթական վնասներ եւ շրջանին մէջ ապրող     երկու  փախստական    երեխաներ   թեթեւօրէն վիրաւորուաեցան:  Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ շրջանի  ապահովական մարմինները քննութիւն  բացած են  դէպքին շուրջ: