2 Հոկտեմբեր 2015-ին Հայաստանի Աղուերան շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ մարդկային շահագործման (Թրաֆիքինկ) զոհերու աջակցութեան խնդրին նուիրուած սեմինարի: Սեմինարը կազմակերպուած է Հայաստանի Լսատեսողական լրագրողներու ընկերակցութիւն հասարակական կազմակերպութեան (Association of Audio-Visual Reporters) կողմէ:
Սոյն սեմինարը, որ երկրորդն է իր տեսակին մէջ կը քննարկէ մարդկային շահագործման (Թրաֆիքինկ) զոհերու աջակցութեան վերաբերող խնդիրներ: Սեմինարը կը յատկանշուի անով, որ անոր մասնակիցներուն մեծագոյն տոկոսը լրագրողներ են , որոնք հետամուտ են աւելիով կատարելագործել իրենց գիտելիքները եւ թեմային մասին հանդէս գալ արհեստավարժ ու մանաւանդ զոհերուն չվնասող նիւթերով եւ յօդուածներով: Սեմինարի ընթացքին ելոյթներով հանդէս պիտի գան իրաւագիտական, լրագրողական եւ ապահովական ոլորտի գործիչներ եւ փորձագէտներ: Նշենք, որ սեմինարին բացումը կատարեց Լսատեսողական լրագրողներու ընկերակցութիւն հասարակական կազմակերպութեան (Association of Audio-Visual Reporters) հիմնադիր- տնօրէն Արզուման Յարութիւնեան: Ան իր խօսքին մէջ կարեւորեց սոյն թեմային առնչութեամբ արհեստավարժ մօտեցումը եւ շեշտը դրաւ իրաւական եւ լրագրողական ինչպէս նաեւ թեմայով զբաղուող հասարակական կամակերպութիւններու միջեւ կապի սերտացման եւ գործունէութեան դաշտի ծաւալման: Բացման նիստին նոյնպէս խօսքեր արտասանեցին ՝ Ալեքսանդրա Յոլինկա ( Փորձագէտ- լրագրող ՝ Լաթվիա), Դաւիթ Թումասեան (ՀՀ քննչական կոմիտէի քրէական գործերու քննութեան աջակցութեան վարչութեան աւագ քննի), Ռոպէրթ Գրիգորեան (ՀՀ Ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Թրաֆիքինկի դէմ պայքարի բաժնի պետ), Մարիձա Համբարձումեան ( Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան իրաւապահ համագործակցութեան բաժնի աշխատակից) եւ ուրիշներ: Նախքան առաջին լսումներուն սկսիլը նոյնպէս խօսք առաւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու թմրամրամիջոցներու դէմ պայքարի եւ իրաւապահ համագործակցութեան բիւրոյի ղեկավար ՝ Ճէք Անտըրսըն, որ հայերէն հակիրճ ելոյթ մը ունենալով կարեւորեց նման սեմինարներու կայացումը: Պրն. Անտըրսըն մասնաւորապէս ըսաւ ՝ «Մենք կը յուսանք, որ Հայաստանը ամուր երկիր կը դառնայ եւ այդ առումով մեծապէս կը կարեւորենք մամուլի դերն ու զարգացումը բոլոր ոլորտներէն ներս»: Տեղին է նշել, որ սոյն սեմինարը իրականացուած է Երեւանի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան նիւթական աջակցութեամբ:
Սոյն սեմինարին կը մասնակցի «Արեւելք»ի www.arevelk.am խմբագիր Սագօ Արեան, որ նոյնպէս ելոյթ մը պիտի ունենայ «Միջին Արեւելեան հայագաղութներուն մէջ մարդկային շահագործման թեմային վերաբերեալ առկայ ընդհանուր տրամադրութիւններ» թեմայով: