image

Աղաւնոյի բնակիչներուն ժամկէտ մինչեւ 25 օգոստոս

Աղաւնոյի բնակիչներուն ժամկէտ մինչեւ 25 օգոստոս

Արցախի Բերձոր շրջանի (Լաչին) Աղաւնոյ գիւղի բնակիչներուն 19 օր ժամանակ տրուեցաւ՝ գիւղէն հեռանալու ։

Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան 5 Օգոստոսին հանդիպում ունեցաւ շրջանի բնակիչներուն հետ եւ անոնց տեղեկացուց, որ պէտք է հեռանան գիւղէն։ «Նրանք, ովքեր կ՛ընտրեն Արցախի Հանրապետութեան տարածքը, այնտեղ կը ստանան բնակարաններ, մինչեւ բնակարան ստանալը ժամանակաւոր կացարաններում կը տեղաւորուեն, ովքեր Հայաստանում, նմանապէս` Հայաստանում, եթէ վերաբնակիչներ են, կը ստանան սերտիֆիկատ (վկայագիր) տուն գնելու համար, իսկ ժամանակաւոր` մինչեւ սերտիֆիկատի ստանալը, վարձի փոխհատուցում կը ստանան», յայտնեց ան։

Շրջանի բնակիչներէն Ասեա Առուստամեան, որ ներկայ եղած էր հանդիպումին, դիտել տուաւ, թէ 25 Օգոստոսին ռուս խաղաղապահները դուրս պիտի գան, եւ ատրպէյճանական զինուժը պիտի մտնէ Աղաւնոյ:  Գիւղի բնակիչները յուսահատ մտան հանդիպման, ալ աւելի յուսահատ դուրս եկան` ամէնուր վարձով տուները թանկացած են, իսկ պետութեան տրամադրած վկայագիրներով ոչ ոք կրնայ տուն գնել, անոնք լսած են Լաչինէն աւելի կանուխ հեռացածներուն չարչարանքներուն մասին։

Գիւղի հրատապ տարհանման հարցը յառաջացաւ Լաչինէն հեռանալու Պաքուի պահանջէն ետք: Միջանցքը փակուելէն ետք Աղաւնոն կը յայտնուի ատրպէյճանական շրջափակման մէջ:

Մինչեւ այսօր Արցախի նախագահը կը յայտարարէր, որ կը բանակցին Աղաւնոյի համար:

«Եթէ պիտի հեռանայինք, պատերազմից յետոյ այս ի՞նչ շինարարութիւն սկսեցիք գիւղում` դպրոցը հիմնովին նորոգեցին, մանկապարտէզ են կառուցում. երկու տարի պահեցին ստեղ, որ էլի փողեր լուանային, մեր աչքի առաջ փողեր լուանային», ապշած յայտնեց բնակիչ Մարիամ Յակոբեան:

Հիմա ամէն ինչ պիտի ձգեն եւ հեռանան, բնակիչներուն նաեւ հրահանգ տրուած է՝ տուները ձգել անվնաս, անխախտ: «Ոչ մի բան, բացարձակ ոչնչի ձեռք չտաք, ձեզ տրամադրուելու են մեքենաներ, որ դուք ձեր վեշերը հանէք», աւելցուց Խանումեան ։

Ան չի հասկնար, որ մարդիկ ինչո՛ւ կ՛ուզեն իրենց տուները այրել հեռանալէ առաջ: «Ես վստահ եմ, որ մի օր վերադառնալու ենք այստեղ, դրա համար պէտք է պետական կառոյցները ուժեղացնել, պէտք է համապատասխան նպատակ դնել ու գնալ այդ նպատակի ուղղութեամբ, ոչ թէ մտածել թալանելու, քանդելու, վառելու մասին», ըսաւ ան:

Ասեա Առուստամեան 1992ին Մարաղայէն հեռացած է,. հիմա ստիպուած է դուրս գալ Աղաւնոյէն: Ան կ՛ըսէ՝, որ «եթէ հեռանում է, ապա միայն մէկ ուղղութեամբ` դէպի Երեւան, որտեղ Եռաբլուրն է, այնտեղ այս պատերազմում զոհուած իմ կրտսեր որդու` Սասունի շիրիմն է»: Ան հաստատեց, որ ծանր է հեռանալ Աղաւնոյէն ու այն տունէն, ուր մեծցուցած է որդին, ուր կը սպասէ անոր: «Երեխուս եմ յիշում, որտեղով գնաց, որտեղ քնեց, միշտ աչքս դէպի ճամբան է, որ էսա դուռը կը բացուի, երեխաս կը մտնի, ես դեռ այդ յոյսով եմ ապրում, սա ինձ համար շատ, կարելի է ասել, երկրորդ հարուածն է, որ ես իմ տունը, իմ երեխու ապրած տեղը թողնում, գնում եմ», յայտնեց Առուստամեա:

Աղաւնոն Աղաւնոյ գետի ափին է, միանման կարմիր տանիքներով տուներուն մէջ կ՛ապրին շուրջ 200 անձեր։

«Մենք պարում էինք եւ կրկին կը պարենք», գրած են Աղաւնոյի մանուկները դպրոցի պատին վրայ։