image

ԱԱԾ-էն եւ ոստիկանութիւնէն յորդոր այսօրուայ հաւաքի մասնակիցներուն՝ «Պահպանեցէ՛ք օրինականութիւնը»

ԱԱԾ-էն  եւ ոստիկանութիւնէն յորդոր այսօրուայ հաւաքի մասնակիցներուն՝ «Պահպանեցէ՛ք օրինականութիւնը»

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ Ոստիկանութիւնը յայտարարութիւններ տարածած են՝ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներուն յորդորելով պահպանել օրինականութիւնը, զերծ մնալ հասարակական կարգի խախտմանն ուղղուած գործողութիւններէն։

«ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը սահմանադրական կարգի պահպանման իր գործառոյթի շրջանակներում յորդորում է մայիսի 4-ից սկիզբ առած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման աջակիցներին պահպանել օրինականութիւնը եւ չոտնձգել իրաւակարգի դէմ։ Ընդգծելով սահմանադրական կարգը ցանկացած ոտնձգութիւնից պահպանելու ԱԱԾ առաքելութիւնը՝ արձանագրում ենք՝ սահմանադրական կարգին սպառնացող, ոչ իրաւաչափ ցանկացած վարքագիծ չէզոքացուելու է օրէնքով սահմանուած ողջ գործիքակազմի կիրառմամբ»,- ըսուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ոստիկանութենէն ալ նշած են, որ պիտի շարունակեն իրականացնել օրէնքով իրենց վերապահուած գործառոյթները՝ ապահովելով հասարակական կարգը եւ քաղաքացիներու անվտանգութիւնը:

«Այսօր կայանալիք հաւաքի մասնակիցներին եւ կազմակերպիչներին յորդորում ենք զերծ մնալ հասարակական կարգի խախտմանն ուղղուած գործողութիւններից, յարգել համաքաղաքացիների իրաւունքները եւ ենթարկուել հասարակական կարգի պահպանութիւն իրականացնող ոստիկանութեան ծառայողների օրինական պահանջներին: ՀՀ-ն իրաւական երկիր է, եւ հակաօրինական ցանկացած դրսեւորում կ՚արժանանայ համապատասխան քրէաիրաւական գնահատականի»,- նշուած է ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։