image

44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով 303 անձ Հայաստանէն դեռ անյայտ կորսուած կը համարուի․ՄԻՊ

44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով 303 անձ Հայաստանէն դեռ անյայտ կորսուած կը համարուի․ՄԻՊ

Բռնի անհետացումներու դէպքերուն միջազգային արձագանգման մեխանիզմներն (մեքենականութիւնները) այս օրերուն կը դրսեւորեն իրենց արդիւնաւէտութեան պակասը։ Գրած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիսթինէ Գրիգորեանը` անդրադառնալով Բռնի անհետացումներու զոհերու միջազգային օրուան։

Այսօր Բռնի անհետացումներու զոհերու միջազգային օրն է, որ սահմանուած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի կողմէ ընդունուած բանաձեւով։ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի 2022թ. օգոստոսին ներկայացուցած տուեալներու համաձայն՝ 2020թ. 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով 303 անձ Հայաստանէն դեռ անյայտ կորսուած կը համարուի:

«Ատրպէյճանական իշխանութիւնների կողմից գերիների ու անյայտ կորած անձանց վերաբերեալ տեղեկութիւնների չտրամադրման կամ այդ տեղեկութիւնների աղճատման շարունակուող գործէլակերպը ոչ այլ ինչ է, քան մարդու իրաւունքների հարցերն օգտագործել միջազգային մարդասիրական իրաւունքով արգելուած քաղաքական նպատակների համար»,–ըսած է Գրիգորեան։

Անոր խօսքով` պաշտպանի աշխատակազմը պատրաստակամ է աշխատելու ՀՀ կառավարութեան հետ անյայտ կորսուած անձանց ու անոնց հարազատներու իրաւունքներու ապահովման վերաբերեալ ներպետական օրէնսդրութեան ու համակարգային շրջանակի բարելաւման ուղղութեամբ։

Գրիգորեան միաժամանակ խստօրէն դատապարտած է բռնի անհետացման անխտիր բոլոր դէպքերը եւ կոչ ըրած միաւորելու ջանքերն ու ձեռնարկելու անհրաժեշտ միջոցառումներ բռնի անհետացած անձանց գտնելու ուղղութեամբ։