Սեւ ծովուն մէջ անօդաչու թռչող սարքը յարձակած է թրքական «Akkon Lines» ընկերութեան կողմէ շահագործուող M/V RMS TEAM նաւուն վրայ։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Lojiport» հարթակը՝ հարուածէն ետք նաւուն մէջ մեծ հրդեհ բռնկած է։
Աղէտի ազդանշանին արձագանգած է մօտակայքը գտնուող այլ նաւ մը, որ փրկած է անձնակազմի 11 անդամները։ Եւս մէկ նաւաստի անհետ կորսուած կը համարուի, եւ անոր որոնողափրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին։
Անձնակազմի տարհանումէն ետք կրակը բնակելի եւ շարժիչային բաժիններէն տարածուած է դէպի բեռնարկղերու բաժինը։ Ընկերութեան գնահատմամբ՝ թէ՛ նաւը, թէ՛ անոր վրայ գտնուող բեռը կարելի է ամբողջութեամբ ոչնչացած համարել։