Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կորսուած զինծառայողներու մասին տուեալներու հաւաքագրման թէժ գիծը դիմումներ ստացած է 4 անհետ կորսուած զինծառայողի վերաբերեալ: Այս մասին թելեկրամեան ալիքին միջոցաւ յայտնած են ՌԴ խաղաղապահ առաքելութենէն:
Աւելի վաղ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը յայտնած էր, որ թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ իրականացուող որոնողական աշխատանքներուն շնորհիւ ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան, Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրակազմի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերով աւելի քան 70 օր անյայտութեան մէջ հերոսաբար մաքառած մեր 6 ժամկէտային զինծառայողները վերադարձած են հայրենիք: