image

21 զինուորներէն 13-ը գերեվարուած. Մանրամասնութիւններ Նոյեմբեր 16-ի ռազմէն

21  զինուորներէն 13-ը գերեվարուած. Մանրամասնութիւններ Նոյեմբեր 16-ի ռազմէն

ՀՀ ՔԿ ԶՔԳՎ յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութեան մէջ աւարտած է 2021 թուականի Նոյեմբեր 16-ին ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան յանձնուած պաշտպանութեան շրջանի յենակէտին մէջ մարտական հերթապահութիւն կրելու կանոնները խախտելու (որ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ) փաստի առթիւ քննուող քրէական գործի նախաքննութիւնը:

Նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու բազմակողմանի, լրիւ եւ առարկայական հետազօտմամբ, անոնք իրենց համակցութեան մէջ վերլուծութեամբ եւ համատեղ գնահատմամբ պարզուած է, որ մայոր Գ.Գ.-ն, 2021 թուականի Նոյեմբերի 16-ին իրականացնելով ՀՀ ՊՆ N զօրամասի գումարտակի հրամանատարի պաշտօնակատարի պարտականութիւնները, նշանակուած ըլլալով որպէս նոյն գումարտակի պահպանութեան յանձնուած պաշտպանութեան շրջանի պատասխանատու եւ ընդգրկուած ըլլալով մարտական հերթապահութեան մէջ գումարտակի պահպանութեան յանձնուած տեղամասին մէջ, նոյն գումարտակի հրամանատարի տեղակալ, մայոր Ն.Է.-ն նոյն ժամանակ ընդգրկուած ըլլալով մարտական հերթապահութեան մէջ որպէս դիրքի աւագ, իսկ պայմանագրային զինուոր, շարքային Ս.Մ.-ն իրականացնելով մարտական դիրքի դիտորդի պարտականութիւնները, խախտած են «Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ներքին ծառայութեան կանոնագիրքը հաստատելու մասին» ՀՀ օրէնքով, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի համապատասխան հրամանով հաստատուած մարտական հերթապահութեան կազմակերպման եւ իրականացման կանոնադրութեամբ սահմանուած կանոնները, որպիսի գործողութիւնները յառաջացուցած են ծանր հետեւանքներ. Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ներխուժած են ՀՀ ինքնիշխան տարածք, հրամանատարական դիտակէտ հանդիսացող N մարտական դիրքը անցած է հակառակորդի վերահսկողութեան տակ, մարտական դիրքի մէջ գտնուող ընդհանուր 21 զինուորներէն 13-ը գերեվարուած են հակառակորդին կողմէ, անոցնմէ երկուքին` Տարօն Ջիւանի Սահակեանի եւ Արսէն Սենիկի Գասպարեանի սպանուած դիերը, համապատասխանաբար, 2021-ի Նոյեմբեր 17-ին եւ 19-ին փոխանցուած են հայկական կողմին: Գերեվարուած զինուորներէն 8-ը հետագային վերադարձուած են հայկական կողմին, եւս 3 ռազմագերի տակաւին կը պահուին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ:

Քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ Գ.Գ.-ին, Ն.Է.-ին եւ Ս.Մ-ին կը մեղսագրուի ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 365-րդ յօդուածի 3-րդ մասով նախատեսուած յանցաւոր արարքի կատարում, անոնց նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը:

Նշուած երեք անձերուն մասով նախաքննութիւնը աւարտած է, քրէական գործը, մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ, ուղարկուած է դատավարական հսկողութիւն իրականացնող դատախազին:

2022 թուականի Յունուար 27-ին քրէական գործը, մեղադրական եզրակացութեամբ, ուղարկուած է Արարատի եւ Վայոց ձորի մարզերու ընդհանուր իրաւասութեան դատարան: