Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կանխատեսած է, թէ երբ Պաքուն եւ Երեւանը կը բարելաւեն յարաբերութիւնները: Ան այս մասին յայտարարած է «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն հետ հանդիպման:
«Յառաջիկայ տասը տարուան մէջ մենք աւելի ուժեղ պիտի ըլլանք, եւ յոյսով եմ, որ այդ ժամանակ, լերեւս 10 տարի յետոյ, Հայաստանի հետ կապուած բոլոր թիւրիմացութիւններն ու խնդիրները պիտի լուծուին: Միեւնոյն ժամանակ, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը երեք երկիրները արդէն պիտի ունենան սերտ համագործակցութիւն», նշած է ան:
Հայաստանի հետ հաշտեցումը հեշտ գործընթաց չէ, բայց այս գործընթացին այլընտրանք չկայ, ընդգծած է Ալիեւը:
«Ատրպէյճանական հասարակութիւնը ըմբռնումով կը վերաբերի Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի գործընթացին: Հեշտ չէ, մենք այդ կը հասկնանք, բայց մեզի նոր պատերազմ պէտք չէ: Միեւնոյն ժամանակ, մենք պէտք է պաշտպանուինք Հայաստանէն եկող հնարաւոր ռեւանշիստական վտանգներէն: Ուստի մէկ կողմէ մենք պէտք է հզօրացնենք մեր բանակը, միւս կողմէ` ատրպէյճանական հասարակութիւնը պատրաստենք խաղաղութեան», ըսած է Ալիեւ:
Ան առաջարկած է կապեր հաստատել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ` հասարակական կազմակերպութիւններու, լրագրողներու մակարդակով:
«Սա պէտք է դառնայ հիմք ապագայ հաշտեցման համար: Այո՛, սա երկարաժամկէտ գործընթաց է, բայց մենք այլընտրանք չունինք», ըսած է Ալիեւ:
Ելլելով Ատրպէյճանի առաջարկէն` Հայաստանը վերջապէս համաձայնած է ստեղծել համատեղ աշխատանքային խումբեր Ատրպէյճանի հետ` սկսելու մեր սահմանազատման գործընթացը, տեղեկացուցած է ան:
«Սա կարեւոր նշան է, այն ցուցանիշը, որ հիմա` ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն մէկուկէս տարի անց, Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ, յոյսով եմ, բնակչութիւնը կը հասկնան խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը: Եւ եթէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի, եւ այդ հիմնարար սկզբունքները յայտնի են, ապա Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը պիտի ըլլայ կայուն: Սա այն է, ինչ մենք կ'ուզենք: Այն, ինչ մենք ցոյց կու տանք եւ կը յայտարար, Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման մեր կամքի վառ օրինակն է», ըսած է Ատրպէյճանի ղեկավարը: