image
Հրատապ լուրեր:

10 տարի յետոյ Հայաստանի հետ բոլոր խնդիրները պիտի լուծուին. Ալիեւ

10 տարի յետոյ Հայաստանի հետ բոլոր խնդիրները պիտի լուծուին. Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կանխատեսած է, թէ երբ Պաքուն եւ Երեւանը կը բարելաւեն յարաբերութիւնները: Ան այս մասին յայտարարած է «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն հետ հանդիպման:

«Յառաջիկայ տասը տարուան մէջ մենք աւելի ուժեղ պիտի ըլլանք, եւ յոյսով եմ, որ այդ ժամանակ, լերեւս 10 տարի յետոյ, Հայաստանի հետ կապուած բոլոր թիւրիմացութիւններն ու խնդիրները պիտի լուծուին: Միեւնոյն ժամանակ, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը երեք երկիրները արդէն պիտի ունենան սերտ համագործակցութիւն», նշած է ան:

Հայաստանի հետ հաշտեցումը հեշտ գործընթաց չէ, բայց այս գործընթացին այլընտրանք չկայ, ընդգծած է Ալիեւը:

«Ատրպէյճանական հասարակութիւնը ըմբռնումով կը վերաբերի Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի գործընթացին: Հեշտ չէ, մենք այդ կը հասկնանք, բայց մեզի նոր պատերազմ պէտք չէ: Միեւնոյն ժամանակ, մենք պէտք է պաշտպանուինք Հայաստանէն եկող հնարաւոր ռեւանշիստական վտանգներէն: Ուստի մէկ կողմէ մենք պէտք է հզօրացնենք մեր բանակը, միւս կողմէ` ատրպէյճանական հասարակութիւնը պատրաստենք խաղաղութեան», ըսած է Ալիեւ:

Ան առաջարկած է կապեր հաստատել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ` հասարակական կազմակերպութիւններու, լրագրողներու մակարդակով:

«Սա պէտք է դառնայ հիմք ապագայ հաշտեցման համար: Այո՛, սա երկարաժամկէտ գործընթաց է, բայց մենք այլընտրանք չունինք», ըսած է Ալիեւ:

Ելլելով Ատրպէյճանի առաջարկէն` Հայաստանը վերջապէս համաձայնած է ստեղծել համատեղ աշխատանքային խումբեր Ատրպէյճանի հետ` սկսելու մեր սահմանազատման գործընթացը, տեղեկացուցած է ան:

«Սա կարեւոր նշան է, այն ցուցանիշը, որ հիմա` ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն մէկուկէս տարի անց, Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ, յոյսով եմ, բնակչութիւնը կը հասկնան խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը: Եւ եթէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի, եւ այդ հիմնարար սկզբունքները յայտնի են, ապա Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը պիտի ըլլայ  կայուն: Սա այն է, ինչ մենք կ'ուզենք: Այն, ինչ մենք ցոյց կու տանք եւ կը յայտարար, Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման մեր կամքի վառ օրինակն է», ըսած է Ատրպէյճանի ղեկավարը: