image

1 Նոյեմբերէն Ետք. Թուրքիան Դէպի Ո՞ւր

1  Նոյեմբերէն  Ետք. Թուրքիան  Դէպի Ո՞ւր

 Թուրքիոյ մէջ  այսօր    խորհրդարանի արտահերթ  ընտրութիւններ են:    Այս  ընտրութիւնները  արդիւնք   են     երկրի ղեկը ստանձնած    AKP կուսակցութեան    անցնող    7 Յունիսի ընտրութիւններուն խորհրդարանի  մէջ  բացարձակ մեծամասնութեան մը չտիրանալուն,  որուն հետեւանքով        վարչապետ Տաւութօղլուին համար անհնար   դարձաւ    կառավարութիւն մը կազմելու    հարցը   իրականացնել: Մէկ բան յստակ է, որ  այսօր   երեկոյեան Թուրքիոյ տարածքին  մէջ  եղող   քուէարկութիւններու կեդրոներու փակումէն ետք  շատ յստակ է, որ  նոր Թուրքիոյ  մը պատկերը պիտի ուրուագծուի:    Տարբեր  վերլուծաբաններ   կը խօսին  քաղաքացիական պատերազմի  մասին,  սակայն այս մօտեցումը  հիմնաւորուած  չէ, տրուած ըլլալով,  որ  տարածքաշրջանի  մեծ  խաղացողներուն   համար  յատկապէս այս հանգրուանին Թուրքիան  անկայունութեան մը մէջ  տեսնելը  փափաքելի   չէ:  Էրտողանի  եւ իր վարչախումբին համար    այս ընտրութիւնները կրնան  ճակատագրական ըլլալ,  այն իմաստով, որ    վարչապետ Տաւութօղլույի     կեցուածքներուն  փոփոխութեամբ  Էրտողան կրնայ  առանձինն մնալ  մանաւանդ, որ   քիչ  չեն  այն  քաղաքական դէմքերը (որոնցմէ է գլխաւորապէս  երկրի նախկին նախագահ ՝ Ապտիւլլահ  Կիւլը),  որոնք  լուրջ  տարակարծութիւններ ունին Էրտողանին հետ: Միացեալ Նահանգներու համար եւս Էրտողան   երէկուան   ցանկալի  տարրը չէ:     Թուրքիոյ նախագահը  նաեւ բարդ իրադրութեան մէջ է Սուրիոյ տագնապին առընթեր: Հալէպի  եւ այլ շրջաններու մէջ  Թուրքիոյ դրած  գրաւները ամէն օր  կ'արժեզրկուին: Թուրքիա  ռուսական միջամտութեան  դիմաց «հլու եւ հնազանդ»  քարտինալի   դերով հանդէս կու գայ նպատակ ունենալով նուազագոյն  վնասներով «դուրս ելլել» խաղէն:  Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել  HDP-ի  ազդակը:  Թուրքիան  նոր  դռներու  առջեւ է, պայմանաւ, որ     խաղին  տէրն ու տիրական    համարուող  Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան     այս բոլորը ըմբռնելէ անդին  հասկնայ նաեւ,  որ   խաղին  մէջ  նոր կանոններ կան:      HDP-ին   խաղէն ելլելը չի նշանակեր, որ  AKP-ն յաւերժ է:  Ճիշդ չէ  նաեւ  այն մօտեցումը,  որ    Էրտողան եւ անոր  իշխող կուսակցութիւնը  մէկ օրէն միւսը պիտի վերանան`  իրենց դիրքերը  տալով այլ ուժերու:  ԱՄՆ-ին համար  կարեւոր է Նէօ  Իսլամի  կերպարին  յաղթանակը եւ 12  տարիներէ ի վեր  ԱՄՆ-ի`   Թուրքիոյ այս  ռէժիմին  ցուցաբերած  նեցուկը կը յուշէ, որ   Էրտողանի  Թուրքիան  տակաւին պէտք է   արեւմտեան աշխարհին:   Պէտք է նաեւ    նշել, որ      AKP-ի հաւանական որեւէ  յաղթանակ  անպայման  չի նշանակեր,  որ  քրտական  եւ հայկական խնդիրները պիտի կարգաւորուին: Թուրքիոյ մէջ   քրտական  խնդրին    ուղղուած  որեւէ լուծման փորձ  երկրի հունը  կրնայ  հեռու պահել  յաւելեալ մեծ  ցնցումներէ, որոնք  կրնան  արիւնոտ ըլլալ:  Այս բոլորէն   ետք պէտք է  լաւ հասկնալ, որ  Թուրքիոյ  մէջ  ցանակացած  զարգացում ինքնեկ  կերպով չի  կատարուիր:  Եթէ ընտրութիւնները  կարեւոր են  Թուրքիոյ, կարեւոր է նաեւ   Ամերիկայի  Միացեալ Նահանգներու  կարծիքը    Թուրքիոյ    մէջ    «ցանուող»  քաղաքական     նոր գետիններուն  մասին:  

 «Խմբագիր»