image

Ժամանակն է դադրեցնել Երեւան-Միլանօ թռիչքները. Էտմոն Մարուքեան

Ժամանակն է դադրեցնել Երեւան-Միլանօ թռիչքները. Էտմոն Մարուքեան

Կը կարծեմ պէտք է արգիլուի բժշկական դիմակներու արտահանումը: Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է ԼՀԿ նախագահ Էտմոն Մարուքեանը: Ան գրած է.

«Քորոնա ժահրի տարածումը կանխելու վերաբերեալ

2. Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա չէ արգիլուած բժշկական դիմակներու արտահանումը, որ պիտի արգիլուի Վրաստանի մէջ եւ կը վաճառուի յատուկ պայմաններով։ Հայաստանի մէջ արտահանումը չէ արգիլուած եւ ըստ որոշ լուրերու այդ դիմակները արտահանուած են մեծ փող աշխատելու նպատակով։ Կը կարծեմ պէտք է արգիլուի բժշկական դիմակներու արտահանումը։

3. Պէտք է պետական բոլոր մարմիններուն համար, որոնք քաղաքացիներուն զանազան ծառայութիւններ կը մատուցեն, առանձնացնել եւ նախատեսել յատուկ բժշկական դիմակներ, ակնոցներ արտահագուստ, որոնք համաճարակի բռնկման պարագային կ'օգտագործուին հանրային ծառայողներու կողմէ` քաղաքացիներուն անդադար ծառայութիւններ մատուցելու ժամանակ»։