Գրեց՝ ՀԻԼՏԱ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ
27 Նոյեմբեր 2015-ին հայ գրականութեան սիրահարներէն հրաժեշտ կ՚առնէր պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի, բուն անունով Արթօ Ճիւմպիւշեան, որ իսկական գագաթ մը հանդիսացաւ եւ միջազգային գրականութեան բարձունքներուն հասցուց ժամանակակից հայ բանաստեղծութիւնը:
Ծնած էր 16 Հոկտեմբեր 1926-ին Պոլիս: Մխիթարեանցի մըն էր: Քաջահմուտ էր ֆրանսերէնի, անգլերէնի եւ ունէր բարձր մտաւորական պատրաստուածութիւն՝ վկայուած ըլլալով համալսարանի փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան ճիւղերէն: Բազմաթիւ անգամներ եղած է Փարիզ եւ հմտացած՝ արուեստի եւ մշակոյթի պատմութեան ծալքերուն մէջ: Հեղինակած է բանաստեղծական 20 հատորներ, որոնց թարգմանութիւնները լոյս տեսած են ֆրանսերէնով, անգլերէնով, գերմաներէնով, վրացերէնով եւ ռուսերէնով: Ունի նաեւ արձակ գործեր, թատերախաղեր, դիւցազներգութիւններ, խմբագրական աշխատանքներ, յուշամատեաններ, թարգմանութիւններ՝ Անտերսընէն, Կրիմ եղբայրներէն պատմուածքներ՝ մանուկներու համար:
Խրախունիի անունը կապուած պիտի մնայ այն մեծ դերին, որ ան խաղաց որպէս պոլսահայ «նոր բանաստեղծական շարժում»-ին տեսաբանը, զայն կոչելով «Առարկայական խորհրդապաշտութիւն» (symbolisme objectif): 1950-ական թուականներէն սկսող այդ շարժումին սկզբունքները պարզաբանեց եւ տուաւ անոր «գրական դպրոց»-ի մը հանգամանքը, ունենալով բազմաթիւ հետեւորդներ եւ երկրպագուներ՝ Պոլիսէն մինչեւ Հայաստան:
Խրախունի «Առարկայական խորհրդապաշտութիւն» կոչեց այս քերթողութիւնը:
Անհրաժեշտ է ըսել, որ թրքահայ իրականութեան մէջ Եղեռնէն մինչեւ 1950, իր մտաւորականներէն պարպուած Պոլսոյ մէջ, կարգ մը երկրորդական գրողներ կը շարունակէին խիստ զգացական, վիպապաշտ գրականութիւն մը մշակել, իրենց անձնական զգացումները արտայայտելով կաղացող յանգերով եւ ճոռոմ լեզուով մը: Մեծ Եղեռնէն յետոյ երկու աշխարհամարտեր եւս ապրած պոլսահայ ժողովուրդը, սակայն, չէր կրնար հանդուրժել այդ եսակեդրոն ապրումները ցոլացնող գրականութեան: 1950-ական թուականներուն հրապարակ եկող երիտասարդ գրողները կը հակադրուէին այդ զգայնիկ գրականութեան: Անոնք «առարկայականութիւնը» կը դարձնէին իրենց սկզբունքը: Կ՚ուզէին ժամանակաշրջանի տառապալից կեանքը եւ ցաւերը առարկայականօրէն ներկայացնել իրենց գրականութեամբ: Դժբախտաբար սակայն, այս երիտասարդները ունէին անտաշ եւ տկար լեզու մը, քանի որ մտաւորականներէ պարպուած Պոլսոյ մէջ նոր սերունդը կանոնաւոր հայերէն մը չէր գիտեր։
Բարեբախտաբար, 1960-ական թուականներուն պոլսահայ քերթողական երկնակամարին վրայ յայտնուեցան Զահրատի եւ Խրախունիի նման մեծութիւններ, որոնք իրենց հարուստ լեզուով, եւրոպական գրական ուղղութիւններուն եւ փիլիսոփայական շարժումներուն զուգահեռ արուեստով կրցան հրաշալի գործեր արտադրել: Այսպէս է որ պոլսահայ նոր քերթողութիւնը ժամանակի ընթացքին սիրուեցաւ բոլորէն եւ հետզհետէ ճանաչում գտաւ հայ թէ օտար գրական շրջանակներու կողմէ, որպէս միջազգային արդիական քերթողական շարժումներէն մին:
Խրախունի, թրքահայ իրականութեան յառաջացուցած զգուշութեան ստիպողութեամբ, իր ըսելիքը խորհրդանշաններու միջոցաւ կ՚արտայայտէ, վստահելով անոնց բազմիմաստութեան: Մեկնելով ընդհանրական խորհրդանշանէ մը, կը նկարագրէ անոր ետին պահուած երեւոյթները, իմաստներն ու գեղեցկութիւնները՝ առարկայականօրէն, պատկերներով եւ զուսպ զգացականութեամբ, փոխաբերութիւններով, բանաստեղծական գիւտերով, նաեւ երգիծանքով կամ հեգնական տողերով, որոնց միջոցաւ ընթերցողը կը յայտնաբերէ քերթուածի էութենական իմաստը, նաեւ քովնտի իմաստները, որոնց բացայայտումէն գեղագիտական հաճոյք կը զգայ: Այսպէս, ամէն ընթերցող կը նոյնանայ եւ ինքզի՛նք կը գտնէ այդ քերթուածներուն մէջ:
«ՔԱՐ ԿԱԹԻԼՆԵՐ»-ը (1964) իր առաջին հատորին մէջ, օրինակ, կը սեւեռի հասարակ կամ թանկագին քարերու, ստեղծելով «քար, հանք, քարայր, քարիւղ, լեռ, հրաբուխ» կոչուած քերթուածներու շարք մը: Ահա օրինակ՝ ՔԱՐ շարքի «Լեռն ի վեր» խորագրուած քերթուածը.
Այս այն լեռն է
Որ ամէնուս բիբին խորն է
բեւեռուած
Որ ամէնուս մորթին տակն է -
միս ոսկոր
Որ ապրում է գոյութիւն է
իրական
Ու երազ է առասպել է
անսահման
Այս այն լեռն է
Որմէ կու գայ վճիտ ջուրի
ուղխերու պէս արիւնը
մեր երակին
Որուն կ՛երթայ օդասլաց
համբոյրի պէս վերջին շունչը մեր կուրծքին
Այս այն լեռն է
Որմէ որքան հեռանանք
այնքան կը զգանք թէ իրն ենք
Որուն որքան կը մօտենանք
այնքան կը զգանք թէ ի՞նչ ենք:
Ահա թէ ինչպէս Խրախունի զուսպ ու կշռուած կերպով կը հակի Հայուն նուիրական լեռան, զայն առնելով որպէս խորհրդանշան՝ գոյատեւման եւ յաղթանակի, սակայն այնքան ընդհանուր կերպով կու տայ անոր խորհուրդը, որ քերթուածը կը ստանայ համամարդկային հնչեղութիւն: Վստահաբար, ճափոնցի, մեքսիքացի, ափրիկեցի ընթերցողներէն ամէն մէկը պիտի մտածէ իր Ֆուժիյամային, իր Փոփոքաթեփեթլին, իր Քիլիմանժարոյին մասին եւ նոյն ապրումներով պիտի լեցուի:
Քերթուածին մէջ կը նշմարուին նաեւ տողերու ներսը գտնուող ներքին յանգերը («բիբին խորն է / մորթին տակն է», նոյնպէս՝ «որքան հեռանանք / որքան մօտենանք»), որոնք երաժշտականութիւն կը ստեղծեն:
Խրախունիի հունձքին 10-րդ հատորը՝ ԱԶԱՏԵՐԳՈՒԹԻՒՆ-ը (1993), սեւեռումի տակ կ՚առնէ Կիլիկեան թագաւորութենէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը ինկած վեց դարու ստրկութեան ժամանակաշրջանը, չարիքին արմատը մատնանշելով հետեւեալ սեղմ տողերով.
Անոնց թոթեմը գայլ էր /
Իսկ մերը գառնուկ
Հարցը հոս է ահաւասիկ /
Մնացեալը՝ պատմութիւն:
Սակայն ինք կը նախզգայ թէ ազատութեան պահը մօտ է: Արդէն իսկ 1985-ին գրուած «ՏՕՆԱԶԱՆԳ Ա.» եւ 1987-ին գրուած «ՏՕՆԱԶԱՆԳ Բ.» քերթուածներուն մէջ կ՚աւետէ ազատութեան զանգակին ձայնը, այդ ղօղանջը, որ «նման է երկրաշարժի ալիքներուն նախայայտ» , զոր միայն «հաւատաւոր» հոգիներն են որ կը լսեն:
Նոյն վարպետութեամբ եւ տեսանողի մը զգացողութեամբ, 1997-ին հրատարակուած «ՔԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ» հատորին մէջ, Եղեռնի հարիւրամեակին առթիւ կը յայտարարէ իր նախատեսումը, թէ «անպայման պիտի գայ զղջումի, պետականօրէ՛ն ներողութիւն խնդրելու օրը՝ Սարդարապատի հզօրացած արծիւին ճախրին տակ»: Իր այս յայտնատեսումը մասամբ կ՚իրականանայ 17 տարի յետոյ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բերնով արտասանուած «ցաւակցութեամբ», 1915-ին սպաննուածներու թոռներուն ուղղեալ:
Իսկ «ՇԵՂԲԻ ՎՐԱՅ ՃԱՐՏԱՐԱԽԱՂ»-հատորին մէջ մեր ժողովուրդի երթը լուսարձակի տակ բռնելով կը պատգամէ՝ «աշխարհախաղ»-էն դուրս չմնալ, վար չիյնալ, կանգո՛ւն մնալ շեղբին վրայ, որովհետեւ ասիկա մեզի համար «գոյութենախաղ» մըն է:
Իր «ԴԱՐԱՊԱՏՈՒՄ» կոչուած 15-րդ հատորին մէջ Խրախունի, որպէս քաղաքական վերլուծող, լուսարձակի տակ կը բռնէ 20-րդ դարու պատմական դէպքերը, ինչպէս՝ Ա. Աշխարհամարտ, Գորէայի, Վիէթնամի պատերազմներ, Վերսայլի, Սեւրի, Լօզանի դաշնագրեր, Սարդարապատ, Ա. Հանրապետութիւն, աթոմական ռումբ, Իսրայէլ, խորհրդային կարգեր, Ստալին, Հիթլեր, Ներգաղթ, անջրպետի տիրապետութիւն, քրիստոնէութեան 1700-ամեակ, Արցախի հերոսամարտ, Մեսրոպեան գիւտի 1600-ամեակ եւ վերջապէս՝ համաշխարհայնացում: Այս դէպքերէն որեւէ մէկը սակայն ուղղակի անուանուած չէ, այլ՝ խորհրդա-
նշաններու օգնութեամբ, քօղարկուած ձեւով ներկայացուած է:
Ինչպէս կը տեսնենք, Զարեհ Խրախունիի քերթողութիւնը աշխարհի կարգ ու սարքին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի կեանքին եւ պատմութեան ամենակարեւոր դրուագներուն նշումն ու կշռադատումն է՝ բանաստեղծութեամբ եւ սքանչելի հայերէնով մը: Եթէ բանաստեղծը այն անձն է որ պիտի կարողանայ իր ժամանակաշրջանի համամարդկային եւ ազգային իրողութիւնները արտացոլել, ապա Խրախունի հրաշալիօրէն յաջողած բանաստեղծ մըն է, քանի որ համամարդկայինի կողքին կրցած է տալ նաեւ ազգայինը, աշխարհի իրադարձութիւններուն հանդէպ Հայութեան ազգային կեցուածքը ներկայացուցած է իր քերթողութեամբ:
Խրախունի ազատ բանաստեղծութիւն կը կիրարկէ, առանց չափի եւ յանգի կաշկանդումներու, բայց երբ հարկ տեսնէ, կ՚օգտագործէ նաեւ յանգեր եւ նոյնիսկ՝ ներքին յանգեր, որոնք դասական քերթողութեան նման տողին վերջաւորութեան չեն գտնուիր, այլ տողին ներսը եւ երաժշտականութիւն կու տան քերթուածին, օրինակ՝ հետեւեալ տողերը.
Ինչպէս պատմեմ քեզ որ հէքեաթ չըլլաս
Ինչպէս պատուեմ քեզ որ մօ՛ր պէս ըլլաս
Ինչպէս պաշտեմ քեզ որ կուռք չդառնաս
Ինչպէս պահեմ քեզ որ մասունք դառնաս
Լեզուական այս հնարանքներով ստեղծուած իր քերթողութիւնը այսպէսով կը դառնայ շատ հարուստ, ուղղակի՝ իմաստներու ծով մը, որուն մէջէն ընթերցողը իր անձնական ջանքերուն եւ կարողութիւններուն համաձայն մեկնաբանութիւններ պիտի կատարէ, իր գտած իմաստներով պիտի հրճուի, պիտի հարստանայ, պիտի յուզուի, ստեղծուած երաժշտականութեամբ պիտի օրօրուի եւ գեղագիտական հաճոյք պիտի վայելէ այս բոլորէն:
Իր արուեստի ազգային խորքով, միաժամանակ համամարդկային որակով, իր փիլիսոփայական նայուածքին տարողութեամբ եւ մեծասքանչի հրաշալի տիրապետումով միջազգային չափանիշով բանաստեղծ մըն է Խրախունի, որ արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, որոնց գլխաւորը կը նկատէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ս. Մեսրոպ Մաշտոց մրցանակը :
Ներկայացուած է նաեւ Նոպէլեան մրցանակի:
Մեծ մըն է Խրախունի: Որքա՛ն կարդանք զինք, որքա՛ն խորանանք իր գրուածքներուն մէջ, այնքան կը զգանք իր մեծութիւնը: Միաժամանակ, ահաւոր չարիքէն ծնած բարիք մըն է, Նախախնամութեան մէկ պարգեւն է ինք մեր ժողովուրդին համար:
Կը խոնարհինք յաւերժութեան դափնիներով զարդարուած իր գործին առջեւ:
Հ. Գ.-Փ. ■
«Նոր Յառաջ» երկօրեայի Նոյեմբեր 28-ի թիւին (1135) քաղուածքը