Կիպրոս-(«Տէյլի Սապահ»-Կիպրոս)Ըստ Անատոլու գործակալութեան Հիւսիսային հանրապետութենը հրապարակած տեղեկութեան, երէկ կիպրացի թուրքեր յարձակման ենթարկուած են: Աղբիւրին համաձայն յարձակումը գործուած է՝ Ազգային ժողովրդական ճակատի յունական աջ-թեւի (ELAM) ծայրայեղականներուն կողմէ: Աղբիւրը կը փոխանցէ, որ (ELAM)-ի անդամներէն խումբ մը, որոնց շարքին եղած են նաեւ ուսանողներ, հաւաքուած են յունական եւ թրքական Կիպրոսի համայնքներու միջեւ անցման կէտ հանդիսացող «Ledra palace»ի շուրջ, Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան 32-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ բողոքի ցոյց կազմակերպելու միտումով, որ ընդունուած է նշել ամէն Նոյեմբեր 15-ի: Չէնկ Կիւրչէքի (Կիպրոսի թրքական հատուածի նախագահի գործադիր օգնական) հաղորդմամբ, ցուցարարներու կողմէ արձակուած քարերու եւ պայթուցիկներու հետեւանքով վնասուած են Հիւսիսային Կիպրոսի կողմը գտնուող քանի մը ինքնաշարժներ, ինչպէս նաեւ երկու վարորդներ՝ ստանալով վնասուածքներ գլխու եւ կրծքավանդակի հատուածին, յունական ոստիկանութիւնը զգուշացուցած է վիրաւորուած վարորդը, թէ Յունական Կիպրոսի կողմը երթալը՝ յատկապէս 15-էն 20-Նոյեմբեր ժամանակահատուածին կրնայ վտանգաւոր ըլլալ, ինչպէս կը վկայէ վարորդը: Այս միջադէպին կապակցութեամբ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան նախագահ՝ Մուսթաֆա Աքինճի ըսած է, թէ «Յունական Կիպրոսի վարչակազմը անյապաղ պէտք է դատի տայ յանցագործները»:Յունական Կիպրոսի ղեկավարը՝ Նիքոս Անասթասիատիսը այս միջոցին,իր Twitter-ի էջին գրած է «Նման գործողութիւնները «յիմար մարդոց» կողմէ Թրքական Կիպրոսի դէմ անընդունելի է »: Ան նաեւ ըսած է, թէ «Պետութիւնը չի հանդուրժեր այս անհատներու կամ խնբակներու գործողութիւնները, որոնք կ'ուզեն կղզին բաժնել՝ կեղծ «հայրենասիրութիւն» կոչուած զգացումներէ մղուած»:Նշենք, որ Կիպրոսի բաժանումը ՝ յունական եւ թրքական բաժիններու միջեւ եղած է 1974-ին, երբ յունական Կիպրոսը պահանջեց կղզիին միաւորումը Յունաստանին, որուն ի պատասխան Թուրքիա միջամտեց: Նշենք նաեւ, որ խնդրի լուծման կապակցութեամբ բանակցութիւնները Հիւսիսային Կիպրոսի եւ Յունական Կիպրոսի վարչակազմերու միջեւ վերսկսած են երկու տարի ընդմիջումէ ետք՝ 2013 թուականի Փետրուարին: