image

Յունաստանի մէջ Էրտողան մահափորձէ փրկուած է

Յունաստանի մէջ Էրտողան մահափորձէ փրկուած է

Յունաստանի իրաւասու մարմինները ձախողութեան մատնած են Էրտողանի դէմ կազմակերպուած մահափորձը, եւ  «DHKP-C» կուսակցութեան անդամ 9 ահաբեկիչներ ձերբակալած են, կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական կայքը:

Ըստ յունական աղբիւրներու, նշուած ահաբեկիչները նպատակ ունէին սպաննել Աթէնք այցելած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, սակայն ձերբակալուած են ու անոնց մօտ յայտնաբերուած է մահափորձի նախապատրաստական նախագիծի գրառումը, ուր նշուած է, թէ վերջիններս հրթիռներ, ձեռնառումբեր ու հրկիզող ապակիներ պիտի օգտագործէին:

Ըստ նախագիծին, ահաբեկչական խումբը Էրտողանի շքախումբին ուղղութեամբ երկու կողմէ հրթիռներ պիտի տեղացնէին, միաժամանակ շքախումբի ետեւի կողմէն յարձակում պիտի իրագործուէր:

Գրառումներուն մէջ ահաբեկչական խումբը Էրտողանը կնքած է «Կարիճ» կեղծանուամբ: