Յորդանանի հայերը հեռու են հաւանական խռովութիւններու շրջանէն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Ամմանի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ երէկ լարուած իրավիճակ կը տիրէր երկրի սահմանադրական դատարանին առջեւ անարգօրէն սպաննուած լրագրող Նահէտ Հաթթարի ծննդավայրին ՝ Ալ Հիս շրջանին մէջ: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, թէ «Ալ Հիս» շրջանին մէջ քանի մը հայ ընտանիքներ կան միայն, որոնք չեն մասնակցիր երկրին մէջ ընթացող գործընթացներուն, հետեւաբար անվտանգ են:
«Շատ հաւանական է, որ այս սպաննութիւնը եղաւ իսլամ-քրիստոնեայ ֆոնին վրայ երկրին մէջ հակամարտութեան մթնոլորտ մը ստեղծելու համար»,- ըսաւ մեր աղբիւրը, չբացառելով նաեւ, որ «կրնայ պատահիլ, որ սպաննութիւնը եղած է անհատական ատելութեան ֆոնի մը վրայ եւ ծայրայեղական իսլամ մը սպաննեց Հաթթարը՝ վերջինիս իսլամութեան դէմ ծաղրանկարի մը հրապարկումէն ետք»:
Երէկ յետմիժօրէին Յորդադանի Հիւսէյն Բ թագաւորը ընդունած է վարչապետ Հանի Ալ Մըլքիի հրաժարականը եւ ժամեր անց վերանշակած է զինք նոյն պաշտօնին պահանջելով նոր կառավարութիւն կազմել: Յիշեցնենք, որ անծանօթ մը, երեք կապարներ կրակելով տեղն ու տեղը սպաննած էր լրագրող եւ քաղաքական աքթիւիսթ Նահէտ Հաթթարը, որ երկու շաբաթ առաջ դրամական հատուցումով դուրս եկած էր բանտէն: Ահաբեկիչը ձերբակալուած է ապահովական մարմիններուն կողմէ: Հաթթար անցեալ օգոստոսին բանտարկուած էր իր ֆէյսպուքեան էջին «Աստուածային էութեան» դէմ եղած ծաղրանկար մը հրապարակելուն համար եւ երկու շաբաթ առաջ դրամական փոխահատուցմամբ դուրս եկած էր բանտէն: Երեւելի է նաեւ, որ Նահէտ Հաթթարի սպաննութիւնը կրնայ ներքին խռովութիւններու դուռ բանալ Յորդանանի մէջ: