image

Մտահոգութիւնս արհեստական խռովութիւններու եւ խժդժութիւններու դիպաշարերն են . Զաւէն Լիյլոզեանը

Մտահոգութիւնս արհեստական խռովութիւններու եւ խժդժութիւններու դիպաշարերն են . Զաւէն Լիյլոզեանը

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Եգիպտոսի ՀՅԴ օրկան «Յուսաբեր»ի խմբագիր՝ Զաւէն Լիյլոզեանը:

 

– Այս արտահերթ ընտրութիւններուն մէջ «արտաքին բաղկացուցիչ»ը ի՞նչքանով ներկայ է, կամ Հայաստանի վիճակով մտահոգուած տէրութիւնները, ինչ որ տեղ միջամուխ պիտի դառնա՞ն ընտրութիւններուն (կամ ցարդ դարձած են)։ 

 

Ինչ որ պահու բացակայած պէտք է ըլլայ որ այսօր ներկայ ըլլայ․․․ Ըստ իս երբեք չեն բացակայած, սկսած Լենինի դարէն, սակայն մենք աւելի զգացինք իրենց ներկայութիւնը «անկախացած» Հայաստանի մէջ, երբ Ղարաբաղեան շարժման պիտակին տակ պետութեան ենթակառոյցները եւ արդիւնաբերական հզօրութիւնները փոշիացուեցան, կազմաքանդուեցան։ Աս արդէն հայու խելքի գործ չէր կրնար ըլլալ։ Հետեւաբար՝ չեմ կարծեր որ հարցումի պէտք է պատասխանեմ։ Հաստատում է ըրածս։

 

 

– Փաշինեանի պարտութիւնը շրջանային ո՞ր ուժերուն համար դրական ձեռքբերում կրնայ համարուիլ։

 

Գլխաւորաբար՝ Իրանի համար, այն ալ որոշ վերապահումներով։ Արդարեւ ամէն պետութիւն ի՛ր շահերը ունի, որոնց ալ կը ծառայէ։ Եթէ տեսնէ, որ իր շահերը կը վտանգուին պահու մը, այն ատեն կը մտածէ միջամտութեան պատշաճ ձեւի մը մասին, որ անպայման քու շահդ նկատի չունի, այլ միայն ու միայն տուեալ երկրի շահը։ Իրան, Ռուսիա, Վրաստան, կրնան շահեր ունենալ, որոնց ալ կը սպասարկեն՝ իրենց հասկցած ձեւով։ Նոյնը՝ Թուրքիան։

 

 

– Ընտրութիւններէն ետք, ի՞նչ հաւանական դիպաշարերու ականատես կրնանք դառնալ, մանաւանդ, որ վերջին օրերուն հրապարակուած վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ բացարձակ յաղթանակ տանող պիտի չըլլայ։

 

Մտահոգութիւնս տոկոսային յարաբերակցութիւններէն աւելի արհեստական խռովութիւններու եւ խժդժութիւններու դիպաշարերն են, ըստ ոմանց՝ օտարազգիներու ձեռամբ եւ նախաձեռնութեամբ, ուր պիտի ներքաշուին հայեր եւ արիւն հեղուի։ Արտաքին ուժերու անմիջական ծրագրումով նման բեմագրութեան առջեւ փաշինեանական Մարտի մէկը խաղ ու պար պիտի թուի։ Ըստ էութեան պատասխանելով հարցումին, շատ ալ մտահոգ չեմ. հաւանական է խառը կառավարութեան կազմութիւն, բայց յոյս ունիմ, որ խնդիրը այդտեղ չի հասնիր։ Կարեւորը՝ նոր կառավարութեան աշխատանքն ու արդիւնքն է, ըստ ծրագրի, իսկ աւելի կարեւորը՝ կառավարական համակարգի աստիճանական մշակումը եւ հաստատումը, որ մասնաւոր շահեր չսպասարկէ, այլ առաջին հերթին դառնայ ձեռնտու երկրին համար, հետեւաբար՝ անշրջելի։