Եգիպտոսի վարչապետ Շարիֆ Իսմայիլ, ղըպտի ձկնավաճառ՝ Մաժտի Մաքինի եգիպտական ոստիկանատուներէն մէկուն մէջ սպաննութեան կապակցութեամբ յայտարարած է, որ կառավարութիւնը պիտի չխնայէ յանցագործը, ով որ ալ ըլլայ ան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ Վարչապետի լրագրողներուն ուղղած յայտարարութեան մէջ առանձնապէս ըսուած է. «Մենք մօտէն կը հետապնդենք հարցը: Եգիպտոսի մէջ կը տիրէ օրէնք ու դատական համակարգ եւ յանցագործը պիտի պատժուի»:
Նշենք, որ Մաքինի ընտանիքը յայտնած էր, թէ առանց յստակ պատճառի, Մեքին ձերբակալուած էր Գահիրէի Էմիրիէ ոստիկանատան կողմէ եւ նոյն օրն իսկ մահացած էր խոշտանքումներուն հետեւանքով: Սակայն ոստիկանատունը իր հերթին հերքած էր այս մէկը, յայտարարելով, թէ Մաքին մահացած էր արեան շրջանառութեան սուր անկման հետեւանքով, իսկ ձերբակալութեան պատճառ հանդիսացած էր անոր թմրանիւթեր կրելը:
Յիշեցնենք, որ եղելութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր երկրի քաղաքական, լրատուական եւ ընկերային շրջանակներուն մէջ, պահանջելով օրինական հետաքննութիւն: Նշենք նաեւ, որ մեղադրեալ սպան ազատ արձակուած էր, դատական բժիշկի ներկայացուցած զեկոյցէն ետք, որու համաձայն Մաքինի մահը եղած էր շաքարախտի հետեւանքով: