Այսօր երեկոյեան «Ազատութեան» հրապարակին վրայ սկիզբ առած բողոքի հաւաքը, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, երթի վերածուեցաւ: Հարիւրաւոր քաղաքացիներ ուղղուեցան Երեւանի տարբեր հիմնական փողոցները ու փակեցին կարգ մը գլխաւոր փողոցներ: Ցուցարարներուն անունով խօսելով` «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան անդամ Դաւիթ Սանասարեան ըսաւ, թէ այս բողոքի հաւաքները յաճախակի պիտի ըլլան եւ ցուցարարները իրենց բողոքը պիտի արտայայտեն տարբեր եղանակներով: «Մեզի համար կարեւոր է իշխանութիւններուն ցոյց տալ, որ ընդունելի չէ բռնի ուժ գործածել «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց հանդէպ, եւ մենք այդ նպատակին համար պատրաստ են ամէն օր բողոքի հաւաքներ ընել»: Իր կարգին հաւաքի կազմակերպիչներէն ՝ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան ըսաւ, որ այսօրուան անձրեւը պատճառ դարձաւ, որ իրենք չկարողանան Խորենացի փողոց հասնիլ ու նշեց, որ իրենք վճռած են այս պայքարը շարունակել: Մարտիրոսեան ցոյցին մասնակիցներուն յորդորեց տուն երթալ եւ կոչ ըրաւ վաղը երեկոյեան ժամը եօթին «Ազատութեան» հրապարակ գալ: