Քեսապի վրայ եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով գրանցուած են հայ վիրաւորներ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քեսապի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը հաւաստեց, որ Քեսապի վրայ ինկած են 5 հրթիռներ, որոնց երեքը պայթած են խաղաղ բնակչութեան մերձ թաղամասերու եւ յատկապէս Քեսապի «Ռաամսիս» պանդոկի շրջակայքը։
Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով վիրաւորուած հայորդիները (թիւով երկուքն են ՝ Յ.Ս. եւ Հ.Դ.) դէպքէն անմիջապէս ետք փոխադրուած են Լաթաքիոյ, ստանալու համար բժշկական անհրաժեշտ բուժօգնութիւն։
Կը նշուի նաեւ, որ անոնց վիճակը կայուն է։
Յիշեցնենք, որ երկար ժամանակէ ի վեր այս առաջին անգամն է, որ հրթիռները կ՚իյնան խաղաղ բնակչութեան շրջաններուն մէջ։