image

«Յանուն Խօսքի Ազատութեան» կարգախօսով լրագրողներու հաւաք՝ Ազատութեան Հրապարակին վրայ

«Յանուն Խօսքի Ազատութեան» կարգախօսով լրագրողներու հաւաք՝ Ազատութեան Հրապարակին վրայ

10 Օգոստոսին ժամը 17:00ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի կազմակերպուի հաւաք՝ «Յանուն խօսքի ազատութեան» կարգախօսով: Այս մասին երէկ, շարք մը լրատուամիջոցներ յայտարարութիւն հրապարակած էին: Բողոքի հաւաքը նախաձեռնած են հայաստանեան առաջատար լրատուամիջոցներու խումբ մը ղեկավարներ՝ ոչ ըսելու բռնութիւններուն, դատապարտելու լրագրողներուն դէմ կատարուող յարձակումները, պահանջելու անյապաղ պատժել լրագրողներու մասնագիտական գործունէութիւնը խոչընդոտողները: Ազատութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած է ընթերցել յայտարարութեան բովանդակութիւնը, որ բաց պիտի ըլլայ ստորագրելու համար:

Նախաձեռնող խումբի անդամներն են՝ «Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան, «168 Ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Սաթիկ Սէյրանեան եւ 168.am առցանց կայքի խմբագիր Գառնիկ Գէորգեան, «Ժամանակ» օրաթերթի եւ 1in.am կայքի գլխաւոր խմբագիր Արման Բաբաջանեան, «Ժողովուրդ» օրաթերթի եւ ArmLur.am առցանց կայքի գլխաւոր խմբագիր Թագուհի Թովմասեան, «Իրատես» թերթի եւ irates.am առցանց կայքի գլխաւոր խմբագիր Փիրուզա Մելիքսէթեան, «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի եւ armtimes.com առցանց կայքի գլխաւոր խմբագիր Լուսինէ Բարսեղեան, «Հրապարակ» օրաթերթի եւ Hraparak.am առցանց կայքի գլխաւոր խմբագիր Արմինէ Օհանեան, «Մեդիամաքս» մետիա ընկերութեան գլխաւոր խմբագիր Դաւիթ Ալաւերդեան, «Չորրորդ Իշխանութիւն» թերթի եւ chi.am առցանց կայքի գլխաւոր խմբագիր Շողեր Մաթեւոսեան, Yerkir.am կայքի գլխաւոր խմբագիր Ագնեսա Խամոյեան, A1plus.am կայքի տնօրէն Մեսրոպ Մովսէսեան, Hayeli.am-ի խմբագիր Անժելա Թովմասեան: