image

Ո՞վ Է Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն Գլխաւոր Պարտեալը

Ո՞վ Է  Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն Գլխաւոր  Պարտեալը

Թուրքիոյ մէջ  Կիրակի օր  տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները       հիմնաւորեալ  վերլուծման  արժանի են: Բացի անկէ, որ հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ հնչած «Էրտողանի վերջը եկած է» մօտեցումը  տեղի տուաւ, բացորոշ է նաեւ, որ իշխող  AKP   կուսակցութիւնը   Restart մը     ընելէ ետք   պիտի շարունակէ իր   գործունէութիւնը:  Թերեւս  սխալ չէ այն  մօտեցումը, որ Էրտողան  եւ իր     քաղաքական   թիմը   օգտուեցան տարածքաշրջանին մէջ տիրող ընդհանուր իրադրութիւնէն  եւ    մեծածաւալ  քուէներ  ստանալով   «յաղթանակ» մը տարին: Բայց եւ այնպէս   արձանագրուած  «յաղթանակ»ը   չի  պատկանիր  AKP-ին  , որովհետեւ   Թուրքիոյ բնակչութեան ստուար   ընտրազանգուածը համոզուած է, որ  այս իշխանութիւնները    գէթ  առայժմ    այլընտրանք չունին:  Այս բոլորը կը  կատարուին հանգրուանի մը, երբ միջին  արեւելքը       արիւնաթաթախ   վիճակ մը  ունի  եւ   դժուար չէ ենթադրել, որ  Թուրքիոյ մէջ   քաղաքական  որեւէ  ծանրակշիռ  դէպք  կամ  ցնցում  կրնայ պատճառ  հանդիսանալ, որ     Սուրիոյ մէջ  ընթացող     ծանրագոյն պայքարը Թուրքիա  տեղափոխուի: Ուրեմն   թուրք հասարակութիւնը  ընտրեց,  ոչ թէ Էրտողանն ու Տաւութօղլուն  այլ ընտրեց    երկրի կայունութիւնը:   Պէտք է նաեւ ընդգծել, որ    ընտրութեան  փուլի այս աւարտը    անպայման չէ, որ Թուրքիան  խաղաղ  օրերու  պիտի առաջնորդէ   սակայն  բացորոշ է, որ   Սիւննի   դաւանումով կառավարուող Թուրքիա մը ցանկալի է     շրջանին մէջ խօսք եւ կշիռ ունեցող   տէրութիւններուն համար: Ամերիկեան  գերատեսչութեան համար    վստահելի   եւ հաւատարիմ  դաշնակից է Սիւննի  աշխարհի Էրտողանեան   թեւը   իսկ Ռուսերուն համար  եւս  Էրտողան  հանդիսացաւ այն  ղեկավարը, որ Մոսկուայի  ամէնէն ծանր օրերուն   փորձեց     «բարեկամութեան» ձեռք երկարել Վլատիմիր Փութինին:   Այս բոլորէն անդին    Թուրքիոյ  իշխանութիւններուն համար    Ռուսիոյ հետ   տարաձայնութիւն պատճառող միակ   օղակը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի  ճակատագիրն է: Սակայն  այս   հարցը       Թուրքիոյ կայունութիւնը    խանգարելու    ուժ չունի:   Այս դրուածքներուն հետ մէկտեղ  երեւելի է նաեւ, որ բոլոր կողմերը   տեղ մը համաձայն  են, որ    շրջանին մէջ քիւրտերը առանձին դերով մը  հանդէս պիտի չգան: Այսինքն շատ  վաղ է խօսիլ (գէթ ներկայ հանգրուանին)  քրտական  պետութեան մը մասին, որուն կայացումը    կը թուի, որ մերժելի է    գէրտէրութեանց համար: Այս հաշուարկներէն  մեկնելով է նաեւ, որ թուրք քուէարկողը «պատժեց»   քեմալական  ըմբռնումներով առաջնորդուող   MHP-ն, որուն  առաջնորդին  «թոյլ»  ըլլալը նաեւ   արժեզրկած է կուսակցութեան  վարկը:Ուրեմն այս ընտրութիւններուն գլխաւոր զոհը   HDP-ն չէ  այլ  «Գորշ  Գայլեր»ու  կուսակցութիւնը, որուն կրած    անկումը  կրնայ  բարդ   կացութիւն ստեղծել   այդ կուսակցութեան   վերնախաւին մէջ: Ամէն պարագայի  այս ընտրութիւնները աննախընթաց եղան  այն իմաստով, որ  հակառակ  Էրտողանի    ունեցած   ժխտական  դերակատարութեան,   յատկապէս  քիւրտերուն դէմ բացուած  արիւնալի մարտերուն եւ Սուրիոյ մէջ        երեւելի դարձած  մերժելի  դերին դիմաց,  Էրտողան  եւ իր  խմբակիցները յաջողեցան  ժխտական միաւորները դրական դարձնել եւ   վերադիրքաւորուիլ   հետագայի քայլերուն  համար:   Թուրքիոյ   նոր Սուլթանը (արդեօ՞ք) կարողացաւ       առանձինն  կուսակցութիւն մը  կազմել տալու իրաւունքը   շահիլ, բայց արդեօք ան պիտի յաջողի՞ երկրի  սահմանադրութիւնը փոխել:

 

 

 «Զիլ Խօսք»