«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած հալէպահայ երիտասարդ Հրակ Կիլիկեան:
-Վեց տարի առաջ որոշում առիք Սուրիայէն հեռանալ, ճի՞շդ էր արդեօք առած որոշումը, եւ՝ ինչո՞ւ:
Ես Սուրիոյ մէջ զինուոր էի, վտանգաւոր՝ Ռաքքայի շրջանին մէջ կը ծառայէի: Երբ 2013 թուականի մարտին Ռաքքա քաղաքը ինկաւ ահաբեկիչներու ձեռքը, ես Հայաստան եկայ: Այդ ժամանակուայ համար Հայաստան գալս ամենատրամաբանական որոշումս էր, որ առի եւ հիմա, վեց տարի անց, նոյնպէս կը համարեմ, որ ճիշդ որոշում մըն էր այդ քայլս, որովհետեւ Հայաստան գալով, ես կրցայ շարունակել բնականոն կեանքս։ Չեմ ուզեր մտածել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար ճակատագիրս, եթէ ես շարունակէի Սուրիա մնալ։
-Վեց տարի է արդէն՝ Հայաստան կ'ապրիք, ի՞նչ ձեռքբերումներ ունեցաք այս տարիներուն, եւ արդեօ՞ք Հայաստանը եւ հայաստանցիները որեւէ կերպ ձեզի օգնեցի՞ն, որ կարողանաք ինչ- որ յաջողութեան հասնիլ։
Կրնամ ըսել, որ տարբեր ձեռքբերումներ ունեցայ Հայաստան գալէս վերջ: Վեց տարի առաջ, երբ նոր եկած էի, բնականաբար առաջին քայլը գործ ճարելն էր եւ ես հնարաւորութիւն ունեցայ աշխատելու խոհանոցի մէջ, նախ որպէս ճաշ պատրաստող, ու մի քանի տարի վերջ, աստիճանաբար զարգանալով, շէֆ խոհարարի մակարդակի հասայ եւ որոշ ժամանակ, որպէս շէֆ խոհարար աշխատեցայ: Բաւականին զարգացայ նաեւ շաուրմայի գործին մէջ, որ մինչեւ այսօր կը շարունակեմ: Այս մէկը, իրականութեան մէջ, մեծ ձեռքբերում էր ինծի համար, հակառակ անոր, որ խոհարարութիւնը իմ ուզած գործը չէր, այսինքն խոհարարութեան մէջ ձեռքբերումը իմ նպատակը չէր, բայց եղաւ եւ դժգոհ չեմ:
Ինծի համար աւելի մեծ ձեռքբերում էր համալսարական ուսումս եւ իմ մասնագիտական ոլորտիս՝ հոգեբանութեան մէջ խորանալը: Համալսարանի կեանքը ինծի շատ օգնեց յարմարուիլ Հայաստանին, հայաստանցի ընկերներ ունենալ: Անշուշտ դժուարութիւններ ալ կային, յատկապէս սկզբնական շրջանին, բայց յաղթահարուեցան եւ այս տարի արդէն կ'աւարտեմ ուսումս: Այս ընթացքին ես հոգեբանութեան մէջ գրեցի երկու գիտական յօդուած, որոնցմէ մէկը ահաբեկչական հոգեբանութեան մասին էր, ասոնք ալ հիմնական ձեռքբերումներ են ինծի համար։
Նշեմ նաեւ, որ աշխատանքի ու համալսարանական ուսման կողքին, տարբեր դասընթացքներու մասնակցեցայ, որոնք ուղղուած էին Հայաստանի կեանքին յարմարուելուն, այդ դասընթացքները բաւական օգնեցին ինծի, միաժամանակ տարբեր կազմակերպութիւններէ տարբեր կրթաթոշակներ ստացայ, իմ կրթութիւնս շարունակելու համար, բան մը, որ շատ օգտակար էր իմ համար։
-Գնահատելի է, որ ձեր ուսումը շարունակելու համար, տարբեր գործեր ըրիք: Այսօր ի՞նչ իրավիճակի մէջ ես, ինչպիսի՞ն են պայմաններդ:
Այսօր ես դեռ կ'աշխատիմ որպէս խոհարար, «Ապու Յակոբ» ֆասթ-ֆուտի մասը եւ ինչպէս ըսի, ուսմանս աւարտական տարին է: Ներկայ իրավիճակս լաւ է, որովհետեւ ես հիմա ոչ թէ միայն կ'աշխատիմ, կ'ուսանիմ, այլ նաեւ կամաւոր աշխատանքներ կը տանիմ, որպէս հոգեբան, տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ: Ես առանձին կ'ապրիմ եւ աշխատանքիս միջոցով թէ՛ իմ տան վարձքը, թէ անձնական ծախսերս կը հոգամ, միեւնոյն ժամանակ ուսումնական ծախսս կը հոգամ, անշուշտ, ինչպէս ըսի, կրթաթոշակի առումով որոշ կազմակերպութիւններ եւս օգտակար կը դառնան:
-Որպէս ուսանող, ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցար համալսարանիդ մէջ, արդեօ՞ք որեւէ ձեւով խտրական վերաբերմունք զգացիր, թէ՞ մօտեցումը դրական էր քու հանդէպ: Ի՞նչ կրնաս պատմել կրթական համակարգի մասին:
Բաւական դժուար էր ուսումնական կեանքը, մանաւանդ սկիզբները, բայց կրնամ ըսել, որ այն աւելի օգնեց Հայաստանի կեանքին յարմարուելու: Դժուարութիւնները շատ էին, մանաւանդ լեզուի խնդրի հետ կապուած, կը դժուարանայի դասերը թէ հասկնալու, թէ սորվելու. Բացի այդ, կար նաեւ մշակութային տարբերութիւնը, ինչքան ալ նոյն հայը ըլլանք, մշակութային որոշ տարբերութիւններ կան սուրիահայերու եւ Հայաստանի հայերուն մէջ, բայց խտրականութիւն բացարձակապէս չկար, ընդհակառակը, աւելի դրական էր վերաբերմունքը իմ նկատմամբ ու արդէն այդ էր, որ ինծի օգնեց ամէն ինչ յաղթահարել:
Կրթական համակարգը լաւ էր, բայց կային որոշ թերութիւններ: Իմ ուսումս հայերէնով էր ու շատ դժուար էր մասնագիտական գրականութիւն, նիւթեր գտնել հայերէնով, իսկ դասընկերներս կ'օգտուէին ռուսերէն գրականութենէն: Ատիկա ինծի համար բաւական դժուար էր, քանի որ ես ռուսերէն չեմ գիտեր եւ բոլորին կարդացած նիւթերը չէի կրնար կարդալ, բայց յամենայն դէպս այդ հարցով եւս ինծի օգնեց կրթական համակարգը, թոյլ տալով, որ ես անգլերէն աղբիւրներէ նիւթեր կարդամ:
-Իսկ ուսումդ աւարտելէ ետք պիտի շարունակե՞ս մնալ Հայաստան, թէ՞ մտադիր ես այլ երկիր երթալ, եթէ այո՝ ինչու՞:
Հայաստանէն երթալու նպատակ չունիմ: Հայաստանի մէջ իմ ապրած փորձառութենէս գոհ եմ։ Հիմա կ'ուզեմ մագիստրոսի աստիճան ստանալ շարունակել մասնագիտական կեանքս: Տեսնենք ինչքան հնարաւորութիւններ կ'ունենամ աշխատելու մասնագիտութեամբս, բայց համոզուած են, որ հնարաւորութիւնները շատ են Հայաստանի մէջ, պէտք է քիչ մը ջանք թափել:
-Դուք, ի վերջոյ, Սուրիոյ պատերազմի պատճառով ստիպուած եղաք լքել ձեր ծննդավայրը, ի՞նչ կը մտածէք այսօր այդ մասին՝ Սուրիոյ մասին:
Այո, ճիշդ է, Սուրիան իմ ծննդավայրս է, բայց այսօրուայ Սուրիան իմ ծննդավայր Սուրիան չէ: Սուրիան միայն աշխարհագրական տարածք չէ, այլ ժողովուրդն է, մեր յիշողութիւններն են եւ այսօր այդ յիշողութիւնները որ ունինք, Սուրիոյ ներկայ իրականութենէն շատ տարբեր են, ժողովուրդն ալ նոյնը չէ: Սուրիոյ ժողովուրդը տարածուեցաւ աշխարհի չորս կողմը, Հայաստան, Եւրոպա եւայլն, եւ ամէն մէկը իր հետ քիչ մը Սուրիա տարաւ ու հիմա, այսօրուան Սուրիան տարբեր Սուրիա է:
Եթէ պատերազմ չըլլար, Սուրիան աւելի զարգանալու մեծ հնարաւորութիւն ունէր, բայց պատերազմը եկաւ եւ այդ առաջընթացի հնարաւորութիւնը փոխարինուեցաւ յետադիմութեամբ։
Պատերազմն էր, այո, պատճառը, որ ես եկայ Հայաստան եւ հիմա այսպէս դասաւորուեցաւ կեանքս։
-Գիտենք, որ Սուրիոյ մէջ երիտասարդութեան թիւի լուրջ նուազում կայ, յատկապէս հայկական համայնքին մէջ, ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:
Սուրիոյ մէջ երիտասարդութեան թիւի նուազումը շատ բնական է իմ կարծիքովս, որովհետեւ 18 տարեկանէն մինչեւ 35-40 տարեկան երիտասարդ տղաքը բանակ կանչուած են, հետեւաբար, բոլոր այն մարդիկ, որ չեն ուզեր այս պատերազմին մաս կազմել, դուրս եկած են Սուրիայէն: Անոնք այլընտրանք չունէին, եթէ Սուրիա մնային, իրենց ապագան պիտի վտանգուէր, կամ վտանգի մէջ պիտի ըալլային, իսկ հիմա, անոնք Սուրիոյ մէջ ապագայ չունին, եւ անոնց ապագան Սուրիայէն դուրս է։
-Արդեօք հայութիւնը ապագայ ունի՞ Սուրիոյ մէջ:
Հայերը կը կարծեմ, որ, այո՛, ապագայ ունին Սուրիոյ մէջ, կրնամ ըսել՝ փորձը արդէն ցոյց տուած է ատիկա: Սուրիոյ հայկական համայնքը ամենազօրաւոր համայնքներէն մէկն էր, մանաւանդ Հալէպի մէջ: Մենք սուրիացի ըլլալէ առաջ, որպէս հայ դաստիարակուած ենք, արաբական երկրի մէջ ապրած ըլլալով, այդ օտար մշակոյթը ազդեցութիւն չէ գործած մեր վրայ, գոնէ Հալէպի մէջ, եւ հայկական մշակոյթը անընդհատ շարունակած է զարգանալ: Կը կարծեմ, որ նոյն ձեւով ալ կը շարունակուի այսօր, ճիշդ է համայնքին թիւը նուազած է, բայց նոր սերունդ մը պիտի հասնի անպայման։