image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին hրաժեշտ ԱԻ Նախարար Արմէն Երիցեանին. Յուղարկաւորութեան mասնակցած e Նախագահը

Վերջին hրաժեշտ ԱԻ Նախարար Արմէն Երիցեանին. Յուղարկաւորութեան mասնակցած e Նախագահը

Այսօր «Կարէն Տեմիրճեան»ի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանին վերջին հրաժեշտ տալու եկած էին բազմաթիւ քաղաքացիներ, գործընկերներ, ներկայ ու նախկին պաշտօնեաներ, կը հաղորդէ «Tert.am»-ը։

Արմէն Երիցեանի վերջին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան` կառավարութեան ողջ կազմով,  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ու այլ պաշտօնեաներ:

Նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան հրաժեշտի խօսքին մէջ ըսաւ, որ Արմէն Երիցեան այն մարդն է, որուն աշխատանքը անմահ է Հայաստանի Հանրապետութեան պետականաշինութեան գործին:

Յիշեցնենք, որ Արմէն Երիցեան մահացած է Դեկտեմբեր 13-ին երկարատեւ հիւանդութենէ ետք: Արմէն Երիցեան Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնին նշանակուած էր 2010 թուականի Մարտին: