image
Հրատապ լուրեր:

Վարդան Ոսկանեանի եւ Սէյրան Օհանեանի գաղտնի հանդիպումը բացայայտած են ՀՀ յատուկ ծառայութիւնները

Վարդան Ոսկանեանի եւ Սէյրան Օհանեանի գաղտնի հանդիպումը բացայայտած են ՀՀ յատուկ ծառայութիւնները

Ըստ «Ժամանակ»ի տեղեկութիւններուն՝ Սէյրան Օհանեան ՀՀ նախկին ԱԳ նախարար Վարդան Ոսկանեանի հետ հանդիպում ունեցած  է Հայաստանէն դուրս՝ այս տարի Օգոստոսին, երբ Յովիկ Աբրահամեան պաշտօնանկ եղաւ  եւ ակնյայտ էր, որ նոր կառավարութիւն պիտի ձեւաւորուէր:

Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն շուտով յայտնի դարձած է Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ «Համախմբում» կուսակցութեան նախագահ Վարդան Ոսկանեանի հանդիպման փաստը:

Յայտնի դարձած է նաեւ, որ Սէյրան Օհանեանի հորդորով է, որ Վիքթոր Դալլաքեան հրաժեշտ տուած է ՀՀԿ-ին եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալի պաշտօնին՝ ձեռնամուխ ըլլալով ծայրայեղ հռետորաբանութեամբ ընդդիմադիր ուժի ստեղծման: Վարդան Ոսկանեանի հաւաստմամբ՝ Սէյրան Օհանեան քաղաքականութիւն վերադառնալու որոշում տակաւին չունի, բայց ան անպայման ներկայ պիտի գտնուի Վիքթոր Դալլաքեանի կողմէ ստեղծուելիք «Երրորդ Հանրապետութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր համագումարին:

Չի բացառուիր, որ Պաշտպանութեան նախկին նախարարը հանդէս գայ ելոյթով: