image

Հայաստանի մէջ պատուաստուած վարորդներուն յատուկ նշաններ

Հայաստանի մէջ պատուաստուած վարորդներուն յատուկ նշաններ

6 Մայիսին կայացած կառավարութեան նիստին Վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, որ մեծ հաւանականութեամբ, որոշ ժամանակ անց, կարգ մը երկիրներ պիտի արգիլեն չպատուաստուած անձանց մուտքը իրենց տարածք: Ըստ անոր, Օգոստոսէն ու Սեպտեմբերէն արդէն որոշ երկիրներ կրնան այս ասկզբունքով առաջնորդուիլ:

Փաշինեանը նաեւ յիշեցուցած է, որ պատուաստման գործընթացը կը կատարուի երկու ներարկումով ու ներարկումներու միջեւ ժամկէտը կրնայ տեւել 2 ամիս, ուստի եթէ մարդիկ կան, որոնք կը նախատեսեն Օգոստոսին այլ երկիր մեկնիլ, լաւ պիտի ըլլայ, որ այսօրուընէ պատուստուին:

Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ կարծիք յայտնած է, որ հնարաւոր է՝ թաքսիներու համար այնպիսի նշաններ ըլլան, որոնք օրինակ զբօսաշրջիկներուն կը տեղեկացնեն, որ տուեալ վարորդը պատուաստուած է:

Նման տարբերանշաններ կրնան թողարկուիլ նաեւ մասնաւոր ընկերութիւններու, սրճարաններու համար, որպէսզի զբօսաշրջիկն այդ նշանը տեսնելով վստահ ըլլայ, որ տուեալ սրճարանին կամ ճաշարանին մէջ աշխատակիցներու մեծ մասը պատուաաստուած է: